2017-10-14 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Երանելի Քարլօ Կայսրի անուան՝ աղօթքի ընկերակցութեան անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 14 հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Երանելի Քարլօ կայսրին՝ ժողովուրդներուն խաղաղութեան համար ընկերակցութեան անդամները, որոնք Հռոմի մէջ գումարած էին իրենց ընկերակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը։

Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ անդրադարձաւ ընկերակցութեան տարեկան ընդհանուր նիստին, որ կայացած է խաղաղութեան ծրագրին  հարիւր ամեակի ծիրէն ներս, ձեռնարկուած Պենետիկտոս ԺԵ Քանայապետի կողմէ, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակուան քաղաքական պատասխանատուներու շարքին՝ միայն Երանելի Քարլօ Կայսրի կողմէ , համաշխարհային Ա պատերազմը վերջ դնելու համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց  Երանելի Կայսրին աղօթքի ընկերակցութեան երեք նպատակներուն. փնտռել եւ հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին, յանձնառու ըլլալ Խաղաղութեան եւ արդարութեան ի սպաս , լուսաբանել պատմութեան անարդարութիւնը, հաստատելով թէ անոնք  եղած են Երանելի Քարլօ կայսրին կեանքի  նպատակը՝  որպէս կառավարական մարդ , որպէս ընտանիքի  հայր եւ որպէս եկեղեցւոյ զաւակ, ապա աւելցուց որ Երանելին  յանձնուելով Աստուծոյ կամքին,  ընդունեց տառապանքը եւ իր կեանքը զոհեց խաղաղութեան համար, միշտ աջակցութիւն գտնելով իր կնոջ  ՝ Աստուծոյ աղախին Զիթայի սիրոյ եւ հաւատքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով ժամանակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն վրայ  ըսաւ որ մեր այսօրուան մարտահրաւէրները, կը պահանջեն  բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց համագործակցութիւնը, յատկապէս , աղօթք  ու զոհողութիւն։ Ան ապա հրաւիրեց որ ընկերակցութեան անդամները, հաւատարիմ մնան  իրենց խոստումին,  աղօթքով եւ անձնական յանձնառումով,  իրենց մասնակցութիւնը բերեն,  խաղաղութեան ի սպաս Պապին կողմէ  ի գործ դրուած ջանքերուն, ընդգծելով  որ առանց հաւատացեալներու աղօթքի զօրակցութեան, Սուրբ Պետրոսի յաջորդը չի  կրնար իրականացնել աշխարհին մէջ իր առաքելութիւնը։ 

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց,  հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, եւ երանելի Քարլօ կայսրի բարեխօսութիւնը, տալով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.