2017-10-14 09:08:00

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու օրինակին հետեւելով դուրս եկաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն


Իսրայէլի իշխանութիւնները, հետեւելով Միացեալ Նահանգներու օրինակին, որոշած են դուրս գալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն` ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով զբաղող կազմակերպութենէն:

«Քորրեսփոնտընթ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հրահանգած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան սկսելու ԵՈՒՆՍԵՔՕ-ի կազմէն Միացեալ Նահանգներուն զուգահեռ դուրս գալու նախապատրաստութիւնները:

Նեթանիահուի խօսքով` Սպիտակ տան որոշումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմէն դուրս գալու վերաբերեալ «խիզախ եւ բարոյական» է:

«Այդ կազմակերպութիւնը վերածուած է անհեթեթի թատրոնի, որ պատմութեան պահպանումով զբաղելու փոխարէն կը խեղաթիւրէ զայն», ըսած է Նեթանիահու:

Նեթանիահուի յայտարարութենէն ժամեր առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմէն: Այդ որոշումը հիմնուած է այլ հարցերու կարգին նաեւ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով կառոյցին հակաիսրայէլեան քաղաքականութեամբ:

Որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 31 դեկտեմբեր 2018-ին, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն շարունակել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ համագործակցութիւնը` մնայուն դիտորդի կարգավիճակով:

Միւս կողմէ, Չինաստանն ու Լիբանանը ԵՈՒՆՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան չորրորդ փուլէն առաջ յետս կոչեցին այդ պաշտօնին իրենց թեկնածուները:

Նախքան այդ իրենց թենկածուները յետս կոչած էին Կուաթեմալան, Իրաքը, Ազրպէյճանն ու Վիեթնամը:








All the contents on this site are copyrighted ©.