2017-10-13 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 հոկտեմբերի քարոզը՝ «հսկել եւ արթուն մնալ»


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 13 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատուցեց սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ՝ քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչի  այն հատուածէին, որուն մէջ Յիսուս կը խօսէր, սատանայի  եւ Աստուծոյ Արքայութեան մասին։  

Մեկնելով Յիսուսի խօսքերէն  Սրբազան Հայրը յորդորեց նախ  խղճի քննութիւն կատարել, ապա  բարի գործեր  ընել. Բարի գործեր՝ որոնք մեզ կը մղեն  ըլլալու աւելի ուշադիր եւ զգոյշ, որպէսզի մեր մէջ չի մտնեն խորամանկները՝ այսինքն սատանան։

«Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ, որ արթուն մնանք եւ հսկենք, որպէսի  փորձութեան  չենթարկուինք» ըսաւ Սրբազան Հայրը  ապա բացատրեց , թէ հսկել կը նշանակէ , մեր սիրտերուն մէջ պատահածները հասկնալ, կանք առնել ու քննարկել մեր կեանքը. հարց տալ «իսկական քրիստոնեայ եմ» ու այս ընելու համար նայիլ Խաչեցեալ   Քրիստոսին, որ միակն է որ կարող է մեզ փրկել աշխարհիկութենէն»։

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց առ այդ աղօթքի կարեւորութիւնը ու բարի գործեր կատարելու հարկաւորութիւնը՝ որ ըսաւ Ան կ՛ընդհատէ այն ներդաշնակութիւնը որով սատանան կ՛ուզէ մեզ խափել ու մեզ մղել դէպի աշխարհիկ հոգեւորականութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.