2017-10-13 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սրի Լանքայէն ժամանած խումբ մը հաւատացեալներ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 13 հոկտեմբերին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց,  2015 թուականին, յունուար ամսոյն,  Սրի Լանքա կատարած առաքելական ճամբորդութեան կազմակերպիչ կոմիտէի անդամները։  

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց,  յայտնելով  «թէեւ կը փափաքէի որ մեր այցելուները իրենք զիրենք զգային որպէս իրենց տան մէջ, այս մէկը չի կրանար հաւասարիլ այն 40 փիղերուն,  որոնք զիս ողջունեցին Օդակայանէն  Քոլոմպօ քաղաք տանող  ճանապարհներու վրայ։

Նորին Սրբութիւնը  ապա նշեց թէ Սրի Լանքա Կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը յատուկ շնորհք է,  որովհետեւ ան տեղի ունեցած է տառապանքի եւ բախումներու  երկար տարիներէ ետք այն ժամանակահատուածին, ուր   երկիրը կը պայքարէր համերաշխութեան   եւ  վէրքերը ամոքելու համար։

 Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ, ինք խորապէս յուզուած էր, ի տես տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու պատկան բազմաթիւ քաղաքացիներուն, որոնք  Քաղաքի օդակայանին մէջ եւ Քոլոմպիա քաղաքի ուղիներու երկայնքին եկած էին զինք դիմաւորելու։ Ան նաեւ յայտնեց  թէ խորապէս զգացուած է Սուրբ Ժոզէֆ Վազի սրբադասման յուզիչ եւ գեղեցիկ արարողութենէն ու երանացման արարողութեան պահը նկատեց  Սրի Լանքացի ժողովուրդին  հետ անցուցած ամենէն գեղեցիկը,   ինչպէս նաեւ  մատնանշեց, Սրի Լանքայի պաշտպանութեան եւ համերաշխութեան հոմանիշ՝  Մատու Տիրամօր Սրբավայրին շուրջ,   հաւատացեալներուն խուռներամ բազմութեան հաւաքին։

Նորին Սրբութիւնը  երախտագիտութեամբ յիշեց Սրի Լանքա կատարած ճամբորդութիւնը, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով  կոմիտէի  անդամներուն տածած անխոնջ աշխատանքին համար։

«Այսօր, ըսաւ ապա Քահանայապետը, ՝ Ձեր ներկայութիւնը այստեղ, մեր տան մէջ բերաւ Սրի Լանքայի  բուրումնաւէտ միջավայրէն բան մը որ մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ անթիւ շնորհքները, որոնց փորձառութիւնը միասին ապրեցանք ձեր երկրին մէջ»։ Նորին Սրբութիւնը ապա  խօսքը  աւարտեց Սրի Լանքայի ժողովուրդն ու անոր կառավարիչները յանձնելով Մատու Տիրամօր հովանիին, եւ որպէս Տիրոջ զօրակցութեան եւ խաղաղութեան նշան, ներկաներուն շնորհեց  Աստուածային օրհնութիւնները՝  ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան Սրի Լանքա կատարած ճամբորդութեան իրականացման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.