2017-10-13 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարզանքը տիեզերական լեզու է որ կը գերազանցէ տարբերութիւնները»։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 13 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Unified Footbal» մրցումին մասնակցող անկար մարզիկներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ նշեց թէ անոնք «խորհրդանիշն են մարզանքի մը՝ որ աչքերն ու սիրտը կը բանայ անհատներու արժէքին ու արժանապատուութեան վրայ, որոնք հակառակ պարագային պիտի դառնային նախապաշարումներու ու բացառումի ենթակայ»։ 

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա անոնց մատուցուած հնարաւորութեան՝ որ «յոյս կը ներշնչէ մարզանքի ապագային համար», որովհետեւ այդ մէկը կը դառնայ «ներառումի իսկական առիթ»։

Մարզանքը այն տիեզերական լեզուներէն մին է որ կը գերազանցէ մշակութային, ընկերային, կրօնական ու ֆիզիկական տարբերութիւնները ու կարողութիւնը ունի միացնելու անձերը, զանոնք մասնակից դարձնելով միեւնոյն խաղին ու դերակատարներ միասնական յաղթանակներու ու պարտութիւններու, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապահովեցնելով նաեւ Եկեղեցւոյ թիկունքը ու քաջալերանքը մարզական այն ձեռնարկներուն որոնք կը սատարեն մարդոց եւ հասարակութիւններու բարիքին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա այն բազմաթիւ մարզիկներուն որոնք մարզանքին շնորհիւ կարողացան յաղթահարել աղքատութիւնը, վէրքերն ու անցեալի թշուառութիւնները, դառնալով ուրիշներու համար քաջալերանքի ու ներշնչումի աղբիւր- ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց որ մրցումի օրերը ըլլան ուրախութեան օրեր, որոնց ընթացքին մշակուին բարեկամութեան ու զօրակցական կապեր։

«Մինչ  ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար, ձեր վրայ, ձեր ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց որոնք թիկունք կը կանգնին ձեր մարզական գործունէութեան,  կը հայցեմ Տիրոջ                օրհնութիւններ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.