Պաղեստինեան Համաս եւ Ֆաթհ շարժումները երէկ Գահիրէի մէջ հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեցին: Համաձայնագիրը Ֆաթհի կողմէ ստորագրեց շարժումի Յեղափոխական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետ, իսկ Համասի կողմէ` շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Սալեհ Արուրի:
Երկու շարժումները համաձայնութիւն գոյացուցին Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան` Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ կառավարման աշխատանքը ամրապնդող միջոցառումներուն շուրջ, որոնք պիտի գործադրուին առաւելագոյնս մինչեւ 1 դեկտեմբեր 2017:
Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէ երէկ առաւօտեան յայտարարած էր, որ Ֆաթհ եւ Համաս շարժումները Եգիպտոսի միջնորդութեամբ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Առնչակից աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ գոյացած համաձայնութիւնը կը վերաբերի երեք թղթածրարներու` պաշտօնեաներուն, սահմանային անցքերը նախագահական պահակագունդին յանձնելուն եւ շարք մը թղթածրարներու վերաբերեալ յանձնախումբերու կազմութեան:
Աղբիւրները նշեցին, որ չլուծուած թղթածրարներու հարցով զբաղելու համար կազմուած են յանձնախումբեր, եւ Եգիպտոս յառաջիկայ շաբաթ պաղեստինեան բոլոր կազմակերպութիւններուն կոչ պիտի ուղղէ զօրակցելու համաձայնութեան:
Պաղեստինեան երկու շարժումներուն բանակցութիւնները երեքշաբթի օր ընթացք առած էին եւ 10 ժամ տեւած էին:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, համաձայնութիւնը կը նախատեսէ Կազայի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան երեք հազար ոստիկաններ տեղակայել, ինչպէս նաեւ նուազ քան երեք շաբաթ ետք Կազայի սահմանային անցքերը յանձնել համաձայնական կառավարութեան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |