2017-10-13 10:09:00

ԱՄՆ-ն դուրս կելլէ UNESCO-ի կազմէն


ԱՄՆ-ն դուրս կ՝ելլէ Միաւորուած ազգերու Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (UNESCO) կազմէն:

Ըստ Panorama.am-ի հաղորդման՝ այս մասին յայտնած են Պետական քարտուղարութենէն: Որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 2018 Դեկտեմբեր 31-ին:

«Հոկտեմբեր 12-ին, Պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուցած է UNESCO-ի գլխաւոր քարտուղարին ԱՄՆ որոշման` կազմակերպութենէն դուրս ելլելու եւ UNESCO-ի մէջ մշտական դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու մտադրութեան մասին»,- յայտարարած է Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարը:

Ան նշած է, որ այս որոշումը դիւրին չեն ընդունած:

2011-ին Ուաշինկթըն հրաժարած է ֆինանսաւորել UNESCO-ն այն պատճառով, որ իր շարքերը ընդունած էր Պաղեստինը: ԱՄՆ-ի օրինակին հետեւած էր Իսրայէլը, որուն իբրեւ արդիւնք կազմակերպութիւնը զրկուած էր 22 տոկոս ֆինանսաւորումէ:

ՄԱԿ-ի Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization, UNESCO) հիմնուած է 1945-ին: Անոր հաստատուած նպատակն է համերաշխութեան եւ անվտանգութեան օժանդակութիւնը` կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան խրախուսման միջոցով` համընդհանուր յարգանքի եւ արդարութեան տարածման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.