2017-10-12 10:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քրիստոնէականի 25րդ տարեդարձին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 11 հոկտեմբերին զեկոյց մը կարդաց Նոր Աւետարանումի Զարգացումի Քահանայապետական Խորհուրդի կազմակերպած հանդիպումին մասնակիցներուն։

Հանդիպումը կայացած էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի ստորագրութեան 25րդ տարեդարձին առիթով։ Սրբազան Հայրը այս առընչութեամբ յիշեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի առաքելական սահմանադրութիւնը, որով հրապարակած էր Քրիստոնէականը, որ կը բանար նոր շրջան մը։ Արդէն Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետը, որ սկսած էր Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը, նպատակ ունէր նոր մօտեցում մը ցուցաբերել հաւատքի քարոզութեան մէջ, նշելով, թէ «հարկաւոր է, որ Եկեղեցին չհեռանայ հայրերէն ստացած սրբազան ժառանգէն. սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է նայի ներկային, կեանքի նոր պայմաններու եւ ձեւերու, որոնք կաթողիկէ առաքելութեան համար բացած են նոր ճանապարհներ։» Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ նկարագիրն է «պահպանել» եւ «շարունակել», որպէսզի ճշմարտութիւնը, որ Քրիստոս քարոզած էր հասնի իր լրումին։

Այս առումով, Քրիստոնէականը կարեւոր գործիք մըն է, ոչ միայն որովհետեւ հաւատացեալներուն կը ներկայացնէ ուսուցումը, այլ մանաւանդ եւս որովհետեւ նպատակ ունի մեր ժամանակակիցները, անոնց նոր խնդիրներով մօտեցնել Եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար չի բաւեր գտնել հաւատքը քարոզելու նոր լեզու մը, այլ կարեւոր է եւ շտապ, որ Եկեղեցին ի դէմս նոր մարտահրաւէրներու եւ հեռանկարներու, որոնք կը բացուին մարդկութեան, կարենայ արտայայտել Քրիստոսի Աւետարանէն այն ինչ որ նոր է (հմմտ Մտթ ԺԳ. 52)։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Յովհաննէսի Աւետարանին 17րդ գլխուն, ուր կը կարդանք Յիսուսի այսպէս կոչուած «քահանայական աղօթքը»։ Յիսուս կʼաղօթէ իր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց համար, որոնք ապագային Իրեն պիտի հաւատան՝ աշակերտներու քարոզութեան շնորհիւ։ Յիսուսի առաքելութեան գագաթնակէտն է Անոր խօսքը՝ «Այս է յաւիտենական կեանքը՝ որ ճանչնան Քեզ, միակ ճշմարիտ Աստուածը, եւ զայն որ Դուն առաքեցիր, Յիսուս Քրիստոս» (Յովհ ԺԷ. 3)։

Ճանչնալ Աստուած՝ մարդկային դատողութեան տեսական մէկ հրահանգը չէ, այլ իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ գոյութիւն ունեցող անշիջանելի տենչը։ Այս պատճառով Քրիստոնէականը կʼենթարկուի սիրոյ լոյսին եւ ամբողջ ուսուցումը իր էութեամբ պէտք է առաջնորդուած ըլլայ սէրէն։

Ասոր համար Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛անդրադառնայ մահապատիժին, որուն Քրիստոնէականի մէջ բաւարար տեղ չէ յատկացուած։ Մահապատիժը «ինքնին հակոտնեայ է Աւետարանին, որովհետեւ կամաւոր կերպով որոշում կʼառնուի սպանել մարդկային կեանք մը, որ Արարիչի աչքերուն սրբազան է, եւ միայն Աստուած է անոր դատաւորը եւ երաշխաւորը։ Ոչ մէկ մարդ, ոչ իսկ ոճրագործը կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը, որովհետեւ Աստուած Հայր մըն է, որ միշտ կը սպասէ որ վերադառնայ այն զաւակը, գիտակցելով որ մեղանչած է, ներում խնդրէ եւ նոր կեանք մը սկսի։ Հետեւաբար, ոչ մէկէն կարելի է խլել ոչ միայն կեանքը, այլ նաեւ կարելիութիւնը՝ կատարելու բարոյական եւ գոյութենական վերադարձ մը, որ նպաստէ նաեւ հասարակութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատմական անդրադարձ մը կատարեց մահապատիժի վրայ։ Ապա աւելցուց՝ «մեղաւոր ենք, եթէ այսօր չէզոք մնանք մարդու արժանապատուութեան վերահաստատումի կարիքներուն հանդէպ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.