2017-10-12 09:17:00

Սոչիի մէջ տեղի ունեցած է Եւրասիական Տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը


Աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին:

Նիստին կը մասնակցէին նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու` Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ռուսիոյ  նախագահները, Խրխըզիստանի վարչապետը, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

Խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ ներառուած էին տեղեկատուայնացման, մաքսային կարգաւորման, մրցակցութեան, բնական մենաշնորհներու եւ արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ  համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր:

Առանցքային նիւթերէն մէկը մինչեւ 2025 Եւրասիական տնտեսական միութեան թուային օրակարգի իրականացման հիմնական ուղղութիւններու քննարկումն էր: Նիստին ներկայացուեցան 2018-ի ընթացքին միութեան միջազգային գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: Նախագահներուն տեղեկատուութիւն ներկայացուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Մաքսային օրէնսգիրքի վաւերացման ընթացքին վերաբերեալ, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2018-ին:

Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի անդամները ծանօթացան անդրսահմանային շուկաներու մէջ մրցակցութեան իրավիճակին եւ 2016-ի մրցակցութեան ընդհանուր կանոններու  խախտման կանխարգիլման նպատակով ձեռնարկուած միջոցներու  վերաբերեալ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի զեկուցումին: Քննարկման ներկայացուեցաւ նաեւ «ճանապարհային քարտէս»-ի մշակման մասին Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի յանձնարարականը` ուղղուած բնական մենաշնորհներու կառոյցներու գործունէութեան կարգաւորման մարզին մէջ անդամ պետութիւններու  օրէնսդրութիւններու ներդաշնակեցման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Եւրասիական միութեան գրեթէ եռամեայ գործունէութեան` շեշտելով, որ պէտք է շարունակել միացեալ աշխատանքը ո՛չ միայն առկայ խոչընդոտները ի յայտ բերելու, այլեւ վերացնելու ուղղութեամբ, ապահովել առողջ մրցակցութեան միասնական կանոններու  պայմաններու մէջ գործառոյթ վարելու համար անհրաժեշտ նախադրեալները: Նախագահը ըսած է նաեւ, որ թուային օրակարգը պէտք է նպաստէ համագործակցութեան թափանցիկութեան յառաջխաղացման, արտադրողականութեան բարձրացման եւ  ծառայութիւններու որակի բարելաւման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին գոհունակութեամբ խօսած է Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Չինաստան առեւտրական-տնտեսական համաձայնագիրին մասին` նշելով. «Հասած ենք այդ  բանակցութիւններու սկզբունքային աւարտին: Ատիկա կարելի դարձաւ նաեւ Չինաստանի հետ մեր երկիրներու երկկողմանի  համագործակցութեան կուտակած փորձին շնորհիւ»:

Անդրադառնալով Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Կ՛ուզեմ նաեւ հաստատել Իրանի հետ յառաջիկային  համաձայնագիրի ստորագրման տրամադրուածութիւնը, եւ ես վստահ եմ, որ ատիկա մեր ընդհանուր մօտեցումն է: Հայաստանի վարչապետին  կողմէ` երէկ Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին, այս հարցին անդրադարձ կատարուած է Իրանի ղեկավարութեան հետ: Ես կը կարծեմ, որ անոնք պատրաստ են շարունակելու եւ աւարտելու  բանակցութիւնները յառաջիկային»:








All the contents on this site are copyrighted ©.