2017-10-12 10:04:00

Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեան «Սուրիոյ Ճէզիրթի մէջ իրավիճակը վտանգաւոր է»


«Արեւելք» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ Ճէզիրէ  շրջանի Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Հովիւ՝   Հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեան, խօսելով Սուրիոյ Հիւսիս - Արեւելք գտնուող տարածաշրջանի մասին յայտնած է թէ «կացութիւնը բարդ է, որովհետեւ  շրջանի քիւրտերը ամերիկացիներու օգնութեամբ կը փորձեն տիրանալ ոչ միայն բոլոր պետական կառոյցներուն, այլ նաեւ համայնքային դպրոցներուն  եւ եկեղեցիներուն» : Այս առընչութեամբ Հայր Անդրանիկ ընդգծած է նաեւ թէ անոնք՝ առ այժմ չեն համարձակիր մօտենալ հայկական շրջաններուն , որովհետեւ քաջ գիտեն իրենց դիմաց ինչպիսի բարոյական ուժ կայ, բայց իրավիճակը կը մնայ մտահոգիչ այն առումով, որ անոնք ինքնագլուխ  կը գործեն»: 

Պատասխանելով ապա այն հարցումին թէ «Հայութեան ապագան  վտանգուած  կը տեսնէ՞ք,  Գամիշլիի  եւ Հասաքէի  մէջ» Հայր Անդրանիկ պատասխանած է «Մենք կը փորձենք օգտակար ըլլալ մեր համայնքին:  Ես ՄԱԿ-ի վեց մեծ կազմակերպութիւն կը ներկայացնեմ, եւ մենք ոչ մէկ հայ ընտանիք առանց աջակցութեան չենք ձգած:  Ամէն ամիս 1000 հայ ընտանիքի սնունդ կը բաժնենք, առաւել բոլոր բժշկական խնամքներու՝ դեղերու, վիրահատութիւններու ծախսերն ալ կը հոգանք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.