2017-10-11 11:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը ի սպաս խաղաղութեան ու բնական աղէտներու նուազեցման։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր, 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները,  երկու  կոչեր   ուղղեց,  հրաւիրելով  աղօթել խաղաղութեան համար ապա գործելու ի նպաստ  բնական աղէտներու նուազեցումին։

Առաջին կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ,

Յառաջիկայ ուրբաթ, 13 հոկտեմբերին,  կ՝եզրափակուի Ֆաիթմայի Տիրամօր երեւումներու հարիւր ամեակը։  Մեր հայեացքը  սեւեռած  Աստուածամօր  եւ առաքելութիւններուն թագուհիին,  կը հրաւիրեմ բոլորին , յատկապէս հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին , աղօթելու Սուրբ Վարդարանը,  աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան համար։  Թող աղօթքը շարժէ առաւելապէս կռուասէր հոգիները,  որպէսզի անոնք իրենց սիրտերէն, խօսքերէն եւ ժեսթերէն  ջնջեն բռնութիւնը  եւ  կառուցեն խաղաղ հասարակութիւններ,  որոնք  խնամք տանին հասարակաց տան։  Ոչ մի բան անկարելի է եթէ Աստուծոյ դիմենք աղօթքի միջոցաւ։ Անմէնքը կրնան խաղաղութեան արուեստաւորներ ըլլալ։   Ըսաւ Ֆրնաչիսկոս Պապ  մէջբերելով 2017-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամէն խօսքը ապա «բնական աղէտներու նուազեցման համաշխարհային օրուան» առիթով  որ կը նշուի միշտ  յառաջիկայ 13  հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.  «Կը վերանորոգեմ իմ սրտաբուխ  կոչս ի սպաս արարչութեան պահպանումին, կենսոլորտի նկատմամբ միշտ աւելի  զգուշաւոր խնամքի միջոց

աւ։  Այսուհետեւ կը քաջալերեմ  իշխանութիւններն  ու բոլոր անոնք որոնք հանրային եւ ընկերային պատասխանատուութիւններ ունին  որպէսզի  միշտ աւելիով խթանեն մշակոյթ մը որուն նպատակը ըլլայ  « բնական աղէտներու ու սպառնալիքներու ենթարկումի նուազեցումը»։   Շօշափելի ներգործութիւնները,  ուղղուած հասարակաց տան ուսումնասիրման եւ պաշտպանութեան, թող աստիճանաբար նուազեցնեն   աւելի դիւրաբեկ բնակչութեան սպառնալիքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.