2017-10-11 10:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նիստը յանձնեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ հովանիին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 հոկտեմբերին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ունկնդրութեան ներկայ գտնուող Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի լիագումար նիստի մասնակիցներուն ըսելով. «Ուրախ եմ ընկալելու Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ« Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին ու Ժողովին անդամները, որոնք  Հռոմի մէջ գումարած են  իրենց տարեկան լիանիստ հաւաքը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի 100 ամեակին առիթով։ Ձեր աշխատանքները կը յանձնեմ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ հովանիին, որուն այսօր կը նշուի ծիսական տօնը, որպէսզի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը շարունակէ վեհանձն նուիրումով ծառայել Կաթողիկէ Արեւելքին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ապա ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները դիտել տալով թէ հոկտեմբեր ամիսը միսիոներական ամիս է ու հրաւիրեց երիտասարդները  իրենց կարգին դառնալու Քրիստոսի միսիոնարներ՝ որդեգրելով Անոր քնքշութիւնն ու ողորմութիւնը, հիւանդները խրախուսեց իրենց ցաւերը նուիրելու  մեղաւորներու դարձին ապա նորապսակներէն խնդրեց իրենց ընտանիքներուն մէջ ըլլալ միսիոնարներ հռչակելով փրկութեան Աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.