2017-10-10 13:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը ուղղուած Հնդկաստանի եպիսկոպոսներուն:


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը ուղղած է Հնդկաստանի եպիսկոպոսներուն, ուր կը կատարէ որոշ կարգաւորումներ եւ տնօրինումներ Հնդկաստանի տարածքին հաստատուած թեմերու եւ Ասորի-Մալապար Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կը նկատէ թէ Եկեղեցիներու բազմազանութիւնը արդիւնքն է պատմական, մշակութային, հոգեւոր եւ կարգապահական զարգացումի մը, եւ կը կազմէ Եկեղեցւոյ հարստութիւնը։ Այս բազմազանութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ Հնդկաստանը, որուն քրիստոնէութեան արմատները կը հասնին Թովմաս Առաքեալի քարոզութեան, եւ դարերու ընթացքին զարգացում ունեցած է քաղդէական եւ անտիոքի Եկեղեցիներու եւ ապա ԺԶ. դարուն լատին Եկեղեցւոյ հետ ունեցած շփմամբ։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը իր աւանդութեան հարստութեան մէջ է։ Այս պատճառով Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը, որ այս տարի իր հարիւրամեակը կը բոլորէ միշտ նեցուկ կանգնած է հին Եկեղեցիներու աւանդութիւններու պահպանումին։

Վատիկանի Բ. Ժողովը ընկալելով Բենեդիկտոս ԺԵ. Քահանայապետի տեսլականը, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուցած է զանազան ծէսերու եւ աւանդութիւններու պահպանումին եւ զարգացումին։

Հռոմի Եպիսկոպոսը, ինչպէս կը նկատէ Վատիկանեան Բ. Ժողովի «Lumen Gentium» Վարդապետական Սահմանադրութիւնը, ունի յատուկ դեր մը պահելու Քրիստոսի Մարմնոյն միութիւնը՝ բազմազանութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, նամակին մէջ կը յիշեցնէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի, Հնդկաստանի եպիսկոպոսներուն ուղղած նամակը։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. ներշնչուած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովէն, փորձած էր սոյն ժողովի ուսուցումը իրականացնել Հնդկաստանի համոյթին մէջ, շեշտելով՝ թէ բազմազանութիւնը եւ միութիւնը իրարու չեն հակասեր։

Սրբազան Հայրը ապա նամակին մէջ կը յիշէ Հնդկաստանի տարածքին գործող արեւելածէս՝ ասորի-մալապար եւ լատին թեմերու հիմնարկումները, անդրադառնալով անոնց իրաւասութիւններուն եւ մատնանիշ ընելով հովուական անհրաժեշտութիւնները։

Ան կը յիշէ նաեւ աշխարհի զանազան տարածքներու վրայ գործող իրաւասութիւններու պարագան, նկատելով թէ իրաւասութիւններու հարցը պէտք չէ որեւէ խնդիր յարուցանէ։ Ապա կը յիշեցնէ իր նախորդի՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի ժամանակ կատարուած կարգաւորումները՝ ուր նկատի առնուած էին ասորի-մալապար հաւատացեալներու հովուական կարիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով այդ ընթացքը, իր նամակին մէջ կը գրէ, թէ իշխանութիւն տուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին որ հետաքրքրուի ասորի-մալապարներու հովուականի հոգատարութեամբ ամբողջ Հնդկաստանի տարածքին, հիմնելով երկու նոր թեմեր եւ ընդլայնելով այլ երկու թեմերու սահմանները։ Ապա կը տնօրինէ որ թէ՛ նոր եւ թէ՛ գոյութիւն ունեցող թեմերը՝ վստահուին Էրնաքուլամ-Անկամալայի Աւագ Արքեպիսկոպոսին եւ Ասորի-Մալապար Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին։

Նորին Սրբութիւնը կրկին կը շեշտէ հովուական կարիքներու, եւ Եկեղեցւոյ բազմազանութեան վրայ, ուր զանազան ծէսեր եւ իրաւասութիւններ միասնաբար կը գործեն, ճոխացնելով եւ հարստացնելով Եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.