2017-10-10 09:50:00

Պրազիլի մէջ կը նշուի Ափարեսիտա Տիրամօր արձանին յայտնաբերման 300 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) 10-12 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պրազիլի Ազգային սրբավայրին  մէջ  մեծ շուքով  եւ յատուկ արարողութեամբ կը նշուի Ափարեսիտա Տիրամօր արձանին յայտնաբերման 300 ամեակը։

Պրազիլի պաշտպան Սուրբ Ափարեսիտայի Տիրամօր արձանի յայտնաբերման յոբելեանի արարողութիւնները կը նախագահէ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ նուիրակ՝ Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ՝ երբեմնի Եպիսկոպոսներուն ժողովին կառավարիչը ու երբեմնի նախագահը Քահանայապետական Լատին Ամերիկիոյ յանձնախումբին։

Նշենք,  թէ Ափարփսիտայի Տիրամօր արձանը յայտնաբերուած է երեք դար առաջ երեք  աղքատ ձկնորսներու կողմէ, որոնք գետի մը եզերքը ձկնորսութեան ընթացքին անոնցմէ մին յանկարծակի գետին ցեխերու տակէն դուրս կը հանէ  սեւ փայտի վրայ քանդակուած Տիրամօր  հրաշագործ արձանը, որ կը ստանայ Ափարեսիտայի Տիամօր անունը, որ ապա կը դառնայ  Պրազիլի պաշտպան սուրբը։

Նշենք,  թէ  Ափարեսիտա Տիրամօր նմանատիպ արձան մը զետեղուած է նաեւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.