2017-10-07 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ովկիանոսները մարդկային ընտանիքի միասնական ժառանգութիւնն են։


(Ռատիօ Վատիկան) Մալթայի մէջ, հոկտեմբեր 5-6 տեղի կʼունենայ «Մեր ովկիանոսը։ Ովկիանոս՝ կեանքի համար» խորագրուած չորրորդ ժողովը։ Այս առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով պատգամ մը յղած է ժողովի մասնակիցներուն։

Կարդինալը պատգամին մէջ կը նշէ, թէ յիշեալ ժողովը կը քննարկէ բարդ եւ յարաբերակից խնդիրներ, ինչպէս՝ ովկիանոսներու առողջութիւնը եւ ծովերու մակերեսի վրայ կամ խորը կատարուած զանազան գործունէութիւններու համադրումը եւ կազմակերպումը։ Ան կը հաղորդէ, թէ Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ միացեալ ջանքերը՝ ուղղուած հրատապ հարցերու, ինչպէս մարդկային անհատներու վաճառք, ստրկութիւն, աշխատանքի անմարդկային պայմաններ՝ առընչուած ձկնորսութեան գործի եւ վաճառականական նաւարկութեան հետ։

Ասոր համար, պատգամը կը նկատէ, թէ այս խնդիրներու անդրադարձը անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդեն երկու եզրակացութիւններու։ Առաջինը՝ ճանչնալ մեր պատասխանատուութիւնը՝ թէ ովկիանոսներու խնամքը մաս կը կազմէ մարդկային զարգացման ամբողջական տեսլականին։ Երկրորդ՝ կարեւոր կը նկատէ բազմակողմանի կառավարում մը՝ ուղղուած հասարակաց բարիքի հետապնդումին եւ սպառազինուած՝ գործելու համաշխարհային եւ տեղական մակարդակներու վրայ՝ առաջնորդուած միջազգային օրէնքով եւ ներշնչուած ինքնորոշման օժանդակումի սկզբունքներէ եւ մարդկային իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան յարգանքէն։

Պատգամին մէջ, Կարդինալ Փարոլին կը յիշէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի «Գովեալ լիցի» շրջաբերականէն հատուածներ։ Ան կը շեշտէ, թէ ովկիանոսները մարդկային ընտանիքի հասարակաց ժառանգն են։ Ասոր համար անհրաժեշտ կը նկատէ անոնց խնամքը՝ առանց անտեսելու ովկիանոսներու ապականման խնդիրները եւ առանց անտարբեր մնալու բուստերու խութերու կորուստին հանդէպ՝ որոնք էական են ծովային կենսաբազմազանութեան գոյատեւումին եւ ովկիանոսներու առողջութեան համար։

Ովկիանոսները մեզ կը միացնեն եւ մեզի կոչ կʼուղղեն աշխատելու միասին, դիմագրաւելու ներկայի մարտահրաւէրները։ Պէտք է տեսնենք թէ ովկիանոսները խիստ անհրաժեշտ աղբիւրներ են՝ պայքարելու աղքատութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ, որոնք սերտօրէն առընչուած են իրարու։

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ մանրամասնօրէն կʼանդրադառնայ ովկիանոսներու կեղտոտման լուրջ խնդրին, որ միշտ անտեսուած է մարդու կողմէ։ Ասոր համար կը նկատէ, թէ ժամանակն է աշխատելու աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ՝ պաշտպանելու ովկիանոսները, մեր հասարակաց տունը եւ մեր քոյրերն ու եղբայրները։

Յիշելով Ծննդոց գրքի խօսքերը՝ «Աստուծոյ հոգին կը սաւառնէր ջուրերու վրայ» (Ծննդ Ա. 2), կարդինալ Փարոլին կը գրէ՝ «Այս տողերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ ովկիանոսները յատուկ կարեւոր տեղ կը գրաւեն շատ մը կրօնքներու համար։ Հոգեկանութիւնը կրնայ մեզի ուժեղ գրգիռ հանդիսանալ՝ ովկիանոսներու պաշտպանութեան եւ առհասարակ արարչութեան հոգատարութեան համար։ Գիտութիւն եւ կրօնք, իրականութիւնը հասկնալու իրենց տարբեր մօտեցումներով, կրնան յանգիլ աշխոյժ երկխօսութեան մը, որ արգասաւոր է երկուքին ալ համար։»

Վերջապէս, պատգամին մէջ կոչ կʼուղղուի ճիգ թափել կրթելու երիտասարդները՝ ովկիանոսներու հոգատարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կարելիին չափով օգնել անոնց որ աճին ովկիանոսներու ընդարձակութեան եւ շքեղութեան ճանաչումին, գնահատումին եւ զննումին մէջ։ Արարչութեան զննումը մեզի կը սորվեցնէ արժէքաւոր դասեր, եւ կրնայ ըլլալ ներշնչումի անվերջ աղբիւր։








All the contents on this site are copyrighted ©.