2017-10-07 13:30:00

Վարդարանի Տիրամօր տօնին նուիրուած Ֆրանչիսկոա Պապին Թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր՝ շաբաթ 7 հոկտեմբեր 2017-ին, լատին ծէսին համաձայն տօնն է Վարդարանի Սուրբ Կոյսին. Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ մատնանշեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքին ու այդ աղօթքի ընթացքին արտասանուած դիտաւորութիւններուն՝ որոնք, գրեց Ան, ամփոփումն են  Քրիստոսի խորհուրդներուն, որոնց մասին կը խոկանք Մարիամին հետ միասին։

«Վարդարանը Քրիստոսի խորհուրդներու ամփոփումն է, այնտեղ մենք կը խոկանք Մարիամին հետ որ մեզի կը պարգեւէ իր սիրոյ եւ հաւատքի հայեացքը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.