2017-10-07 10:45:00

Միլանի Մայր Տաճարին մէջ Երանելի կը հռչակուի Հայր Արսենիօ Տի Տրիկոլոն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2017-ին, Սուրբերու դատի Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ՝ Անճելօ Ամաթօ, Միլանօ քաղաքի մայր տաճարին մէջ  կը մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ,  որուն ընթացքին երանելի կը հռչակէ Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամ՝ Հայր Արսենիօ Տա Տրիկոլոն։  

Աւազանի անունով Հայր Անթոնիօ Միլիավաքքա  ծնած էր 13 յունիս 1849-ին,  Ւտալիոյ Քրեմոնա մարզի Թրիկոլօ քաղաքին մէջ։

Ան  1863-ին,  մտած է Քրեմոնա թեմի դպրեվանք, ապա քահանայ ձեռնադրուած էր 1874-ին։  Մէկ տարի ետք, դարձած է  Յիսուսեան միաբանութեան անդամ։

1892-ին, Թորինօ թեմի արքեպիսկոպոսին հրահանգով,  հետեւած է մայրապետութեան ձգտող խումբ մը քոյրերուն,  որոնք յետագային դարձան  Միլանօ քաղաքին մէջ հիմնադրուած՝  Մխիթարիչ Սուրբ Կոյս Մարիամ միաբանութեան հիմնադրուհիները՝   Հայր  Հայր Անթոնիօ Միլիավաքքայի գլխաւորութեամբ։

Հայր Անթոնիօ մի քանի տարի ետք, հրաժարական տալով իր հիմնած մայրապետներու միաբանութեան պաշտօնավարութենէն, անդամակցեցաւ  Քափուչչիներու միաբանութեան՝  ստանալով Հայր Արսենիօ Մարիա անունը։

Ծանր հիւանդութեան պատճառաւ Հայր Արսենիօ Մարիա  իր մահկանացուն կնքեց՝ 10 դեկտեմբեր 1909-ին, Պերկամօ քաղաքի Քափուչիիներուն վանքին մէջ՝ 60 տարեկանին։  Անոր երանացման դատը սկիզբ առաւ՝ Միլանօ քաղաքին մէջ՝ 3 ապրիլ 1998-ին,  ու աւարտեցաւ 29 մայիս 1999-ին։

Հայր Անթոնիոյին մարմինը կը հանգչի Միլանօ Քաղաքի Մխիթարիչ Սուրբ Կոյս Մարիամ մայրապետներու վանքին մատրան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.