2017-10-07 09:50:00

Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուեցաւ հիւլէական զէնքի արգիլման միջազգային արշաւին


2017-ի Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուեցաւ Հիւլէական զէնքի արգիլման միջազգային արշաւ ընկերութեան: Այս մասին երէկ Օսլոյի մէջ յայտարարեց Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբի նախագահ Պերիթ Ռայս Անտերսըն:

«Մրցանակը շնորհուած է հիւլէական զէնքի որեւէ օգտագործման մարդասիրական գետնի վրայ աղէտալի հետեւանքներուն նկատմամբ ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ այդպիսի զէնքի արգիլման համաձայնագիրի որդեգրման հասնելուն ուղղուած նորարարական ջանքերուն համար», ըսած է ան:

Խաղաղութեան մրցանակը, Ալֆրետ Նոպելի կտակի համաձայն, կը շնորհուի այն «անձին, որ առաւել մեծ յաջողութիւններու հասած է կամ միւսներէն աւելի կատարած է ժողովուրդներու համախմբման եւ գործող բանակներու թիւի կրճատման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան խորհրդաժողովներու կատարման եւ անոնց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար»:

Այս տարի մրցանակին համար առաջադրուած էին 318 թեկնածուներ, ներառեալ` 103 կազմակերպութիւններ: 2016-ին Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր դարձած էր Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս` «այն վճռական ջանքերուն համար, որոնք նպատակաուղղուած էին երկրին մէջ աւելի քան 50 տարի շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.