2017-10-07 10:12:00

Արեւելեան Ժողովը եւ Ռատիօ Վատիկանը արժանացան հաշտութեան մրցանակին։


(Ռատիօ Վատիկան) 2001 թուականին, «Լեհ-Ուքրանական միութեան խորհուրդը» հաստատած է մրցանակ մը՝ տրուած այն անձնաւորութիւններուն կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը սատարեն կենդրոնական-արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներու միութեան եւ հաշտութեան։ Առաջին մրցանակը տրուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի ձեռքով։

Այս տարուան «Լեհ-Ուքրանական միութեան խորհուրդի» հաշտութեան մրցանակին կʼարժանանան են Արեւելեան Ժողովը եւ Ռատիօ Վատիկանը։ Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, հոկտեմբեր 12ի երեկոյեան, Հռոմի Ուքրանական Վարժարանի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին Ուքրանական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոս Սվիաթոսլաւ Շեւչուք եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ղեկավար Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի։

Հոկտեմբերի 11ին, Ռատիօ Վատիկանի Մարքոնի սրահին մէջ Արքեպիսկոպոս Շեւչուք եւ Եպիսկոպոս Քրիսթոֆ Նիքթիեւիչ պիտի ներկայացնեն մրցանակը՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։

Սոյն օրը պիտի կատարուին զանազան հանդիսութիւններ, որոնք սկիզբ պիտի առնեն առաւօտեան ժամը 8։30ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի գերեզմանին մօտ կատարուած աղօթքով մը։ Ժամը 16ին, Ուքրանական Վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողովը, որուն նիւթն է «Կաթողիկէ Եկեղեցին լեհ-ուքրանական երկխօսութեան եւ հաշտութեան ուղիին վրայ»։

Մրցանակակիրներու ոսկեայ մատեանը կը բովանդակէ լրագրողներ, պատմաբաններ, ռեժիսորներ, դերասաններ, լրագիրներ, մշակութային եւ կրօնական հաստատութիւններ ինչպէս նաեւ Լեհաստանի եպիսկոպոսական ժողովը եւ կաթողիկէ մամլոյ գործակալութիւններ։

Այս տարուան մրցանակակիրները երկու հաստատութիւններ են. Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը, որովհետեւ սատար կանգնած է այն արժէքներուն, որոնք կը միացնեն ժողովուրդները՝ միասնական ապագայի կերտումին մէջ։ Ռատիօ վատիկանի խմբագրութիւնը (լեհական, ուքրանական եւ սլովաք բաժանմունքները) կʼարժանանայ մրցանակին, կենդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ միջ-մշակութային երկխօսութեան ի նպաստ կատարած անաչառ հաղորդումներուն համար՝ գերազանցելով պնդատիպներ եւ փոխադարձ նախապաշարումներ։

Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կʼունենայ Հռոմի մէջ, որովհետեւ ուղիղ 30 տարիներ առաջ, առաջին անգամ ան կատարուած էր Լեհաստանի Եպիսկոպոսներու եւ յոյն-կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սինհոդոսին ներկայացուցիչներու միջեւ, ուր հրապարակուած էր լեհ-ուքրանական ներումի եւ հաշտութեան յայտարարութիւնը։

2001 թուականին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցած էր Լվովի մէջ։ Այդ Պատարագի ընթացքին, Աւագ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լուպոմիր Հուզար ընդգծած էր լեհ-ուքրանական հաշտութիւնը։ Այդ ժամանակ հրատարակուած էր նաեւ Ուքրանիայի Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Լեհատանի Եպիսկոպոսներու միասնական նամակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.