2017-10-07 12:35:00

2 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ «Ֆոսսէ Արտէաթինէ» յուշահամալիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը հաստատէ թէ յառաջիկայ 2 նոյեմբեր 2017-ի ժամը 15.15-ին, Օր Մեռելոցի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ Նէթթունօ Քաղաքի Ամերիկեան Գերեզմանատան մէջ պիտի գլխաւորէ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը՝ նուիրուած պատերազմներու բոլոր զոհերու դիտաւորութեան։ Սրբազան Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ նաեւ  «Ֆոսսէ Արտէաթինէ» յուշահամալիրը, այնտեղ եւս աղօթելու՝ առաջին աշխարհամարտի ընթացքին,  1944-ի մարտ 24-ին նացիական զօրագունդի ձեռքով սպաննուած  335 իտալացի քաղաքացիներուն համար՝ որոնց շարքին կային 75 հրեաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.