2017-10-06 14:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լիթուանիոյ վարչապետին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր՝ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լիթուանիոյ հանրապետութեան վարչապետ՝ Տիար Սաուլիուս Սքվերնելիսին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ  յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը՝ Գերապայծառ Անթուան Քամիլլերի։ 

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ երկու կողմերու միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններու մասին ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ լիթուանական ընկերութեան, դարերու ընթացքին տուած սատարին։ Ապա յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Թէոֆիլօ Մաթուլիոնիս Արքեպիսկոպոսի երանացման արարողութեան հուսկ անդրադարձ կատարուեցաւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ, որոնք շարքին Եւրոպայի ապագայի զարգացումներու հեռակաները, երիտասարդներու արտագաղթը ու գաղթականներու հիւրընկալութիւնը ինչպէս նաեւ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը ըլլայ տարածաշրջանի ըլլայ միջազգային գետնի վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.