2017-10-06 09:53:00

Վանական աւանդութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Ճգնաւորներու, կրօնաւորներու եւ վանականներու մասին մեր մատենագրութեան մէջ ստէպ կը կարդանք, թէ անոնց աղօթքը միշտ խառն էր արտասուքով. անոնք իրենց աղօթքով կʼընդունէին մեղքերու թողութիւն։ Հասկնալու համար, տեսնենք թէ Յվոհաննէս Մանդակունի Հայրապետը ի՛նչպէս կը բացատրէ աղօթքը։ Ան ունի քարոզ մը, որուն խորագիրն է՝ «Ընդունելի եւ ոչ ընդունելի աղօթքներու մասին։»

Մեծ Հայրապետը նախ աղօթողին վիճակը կը նմանեցնէ մեղաւորի մը կեցուածքին, որ կանգնած է դատաւորին դիմաց. ան կը գրէ՝ «Մեր մտքերը ամփոփելով հասկնանք ճառիս խօսքերը, երեւացող բաներով ճանչնանք աներեւոյթները եւ իմանանք, թէ ինչպիսի ահուդող ու ծանր պատիժներ կը սպասեն մեղաւորներուն՝ դատաւորին առջեւ, իրենց մեղքերու ամօթով կանգնած ժամանակ։ Ի՛նչպէս կʼայլագունին անոնց երեսները, ի՛նչպէս կը սոսկան, կը սարսափին, ահէն կը դողան ահեղ դատաւորին դիմաց։ Եւ գլխիկոր, աչքերը խոնարհած եւ լեզուները կապուած կը կանգնին անոր առջեւ։ Իսկ եթէ հանդգնին աղաչել եւ խնդրել, սրտի երկիւղով ու անհամարձակ լեզուով հիւանդաձայն կը բարբառին եւ մեծ աղերսանքով ցաւագին պաղատանքներ կը մատուցանեն, կʼարտասուեն, կʼաղաչեն, կը խնդրեն, որպէսզի շարժեն դատաւորին գութը եւ ողորմածութիւնը՝ փրկուելու իրենց հանցանքներու պատիժներէն։ Ուրիշ ոչ մի բանով զբաղուած չեն անոնց մտքերը, անոնց աչքերը ուրիշ տեղ չեն նայիր, եւ ականջները այլ տեղ չեն ուղղուած։ Եւ երբ դատաւորը կը խօսի անոնց հետ, չեն համարձակիր երեսները դարձնել կամ խօսիլ ծառայակիցներէն որեւէ մէկուն հետ, այլ մեծ պատկառանքով միայն Դատաւորին կը նային՝ աղաչելու եւ խնդրելու իրենց հանցանքներուն թողութիւն եւ տանջանքներէն փրկութիւն։

Իսկ որքա՛ն առաւել մեզի համար կարեւոր է մեծ պատկառանքով կանգնիլ ահաւոր եւ մեծ Դատաւորին առջեւ. սաստիկ սարսափով եւ սոսկալի դողութեամբ մտնել, կանգնիլ Աստուծոյ առջեւ եւ ցաւագին ողբերով ու հորդահոս արցունքներով աղաչել ու թողութիւն խնդրել։ Մեր մտքերը այլ կողմ եւ խորհուրդները այլ կողմ պէտք չէ առաքել, մեր աչքերը այլ ու ականջները ուրիշ կողմ պէտք չէ թափառեցնել, երբ մէկը կʼուզէ իր մեղքերուն եւ հանցանքներուն համար աղաչել եւ խնդրել Աստուծմէ, որպէսզի հեծեծանքներով եւ հառաչանքներով հաշտեցնենք Տէրը եւ խոնարհեցնենք զայն՝ որ լսէ մեր պաղատանքները եւ գթալու մեզ. որ քաւէ մեր մեղքերը եւ սրբէ մեր անօրէնութիւնները, փրկէ մեզ տանջանքներու ահեղ աղէտներէն եւ յաւիտենական ամօթէն՝ մեր աղօթքներով եւ պաղատանքներով եւ գթագին սրտի ջերմութեամբ։ Որովհետեւ շատերը աղօթքներով մեծ բարիքներ ընդունեցան եւ հաճելի եղան Աստուծոյ, գտան մեղքերու թողութիւն եւ հոգիներու փրկութիւն, մանաւանդ անոնք, որոնք արցունքներով եւ աղքատներու հանդէպ գութով աղօթեցին։ Անոնք ոչ միայն մեղքերու թողութիւն կը գտնեն, այլ թէ՛ մարմնի համար անհրաժեշտը կը ստանան, եւ թէ՛ երկնային բարիքներ։ Որովհետեւ աղօթականի աղօթքները ձեռք են, որոնք կը բռնեն Աստուծոյ ոտքերէ եւ իսկոյն կը խոնարհեցնեն զԱյն դէպի խնդրողի աղաչանքները, որովհետեւ Աստուայծ հոյժ կը փափաքի եւ կʼախորժի աղաչողի խնդրանքէն՝ ʼխնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, հայցեցէք եւ պիտի գտնէքʼ (Մտթ Է. 7, Ղուկ ԺԱ. 9)։ Եւ արդ, հարկ է, որ բոլոր անոնք, որոնք ծանրացած են մեղքերով եւ նեղեալ են վշտերով, վտանգուած են թշնամիներէն եւ կը չարչարուին ցաւերէն, միշտ աղաչեն եւ խնդրեն անդադար աղօթքներով եւ պաղատանքներով։ Որովհետեւ անոնք, որոնք պարզ մտքով եւ աննեգ հաւատքով կʼաղօթեն Աստուծոյ եւ բարին կը խնդրեն, կը ստանան այն ամէնը որ կը խնդրեն, ինչպէս որ ստացան մեր առաջին հայրերը։ Իսկ եթէ մէկը ըսէ, թէ՝ խնդրեցի, բայց չստացայ, աղօթեցի՝ բայց չընդունեցայ. ուրեմն շատ չխնդրեցիր անիրաւ դատաւորէն խնդրող այն այրի կնոջ նման (հմմտ Ղուկ ԺԸ. 1-6), եւ կամ ինչպէս այն բարեկամը, որ կէս գիշերին նկանակ խնդրեց (հմմտ Ղուկ ԺԱ. 5), որ ոչ թէ բարկամ ըլլալուն այլ շատ խնդրելուն համար ստացաւ։

Աղօթողին շատ խօսքեր պէտք չեն. մաքսաւորը մէկ խօսք արձակեց եւ անոր աղօթքը ընդունելի եղաւ, եւ ան թեթեւացուց իր մեղքերու ծանր բեռները (հմմտ Ղուկ ԺԸ.)։»

Ապա Յովհաննէս Մանդակունի կը յիշէ Աստուածաշունչէն շատ մը օրինակներ եւ կը շարունակէ՝ «Եւ արդ, մեր առջեւ են ընուդնելի աղօթքներու այս բոլոր օրինակները. եթէ կամենաս, կարող ես նմանիլ անոնց, հանել քեզ մեղքերու բանտէն եւ արձակել սատանայական կապանքներէն»

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.