2017-10-06 09:58:00

«Հայ-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկային հաղորդակցութիւն եւ կազմակերպութիւն» հատորի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռատիովատիկանի «Մարքոնի» անուան դահլիճին մէջ, Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ՝ Դոկտ. Ատրիէն Սուվատայի «Հայ-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկային հաղորդակցութիւն եւ կազմակերպութիւն» հատորի ներկայացումը որուն առթիւ ելոյթ ունեցան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչը, Ռոպէր Աթթարեան՝ Վատիկանի Ռատիոյի հայկական բաժնի պատասխանատու, եւ հատորին հեղինակը՝ Դոկտ. Ատրիէն Սուվատան։

Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էին ի մէջ այլոց՝ Հայաստանի հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Լեւոնեան Քահանայապետական դպրեվանքի Մեծաւոր ՝ Գերյ. Նարեկ Ծ.Վ. Նաամոյեան, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

Իր Ելոյթին մէջ Կարդինալ Սանտրի, մեկնելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հինաւուրց աւանդութիւններէն, ընդգծեց արդի աշխարհին մէջ հիմնարկային հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը, որուն առանցքը կը կազմեն, ըսաւ Ան անդրադառնալով Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ Հայ ազգին հաւատքը, մարտիրոսութիւնը,  աւանդութիւնները, լեզուն, պատմութիւնն ու յատկապէս քրիստոնէական ինքնութիւնը։ 

Ծիրանաւորը խօսեցաւ ապա, հաղորդակցութեան ասպարէզէն ներս, հայկակն սփիւռքի մասին,  հաստատելով թէ այդ առընչութեամբ հաղորդակցութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտ, ու թէ հաղորդակցութեան արդի միջոցները կարող են սատարել  աւետարանումի շրջագիծէն ներս, յատկապէս կապ պահելու համար  աշխարհ ի սփիւռս տարածուած  հաւատացեալներուն հետ, անոնց եւս թոյլատրելու չի կորսնցնել իրենց արմատները, իրենց ինքնութիւնը եւ իրենց քրիստոնէական հաւատքը։

«Հայ-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկային հաղորդակցութիւն եւ կազմակերպութիւն» հատորը մեծ այժմէականութիւն ունեցող մենագրութիւնն մըն է ուր լայնածաւալ անդրադարձ կատարուած է  հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, Միջին Արեւելքի մէջ անոր ներկայութեան ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքին։ Անոր մէջ ամփոփուած են նաեւ  «Հիմնարկային հաղորդակցութեան» հայող թելադրանքներ  եւ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ լուծումներու առաջարկներ զանոնք պատշաճ կերպով օգտագործելու համար՝ որպէս միջոց իրականացնելու համար եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական կառոյցին  առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.