2017-10-06 08:30:00

«Հաղորդակցութեան նոր լեզուներ» բնաբանով Աստուածաբանական Թեմական շաբաթ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հոկտեմբերին Ւտալիոյ Փիսթոեա քաղաքին մէջ կազմակերպուած է 30րդ Աստուածաբանական Թեմական շաբաթը, «Հաղորդակցութեան նոր լեզուներ» բնաբանին տակ։ Այս առիթով Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան քարտուղարութեան Կառավարիչ՝ Գերպ. Տարիօ Վիկանօ ելոյթ մը ունեցած է, ուր ան կը նկատէ, թէ Աստուածաշունչին բովանդակութիւնը լի է Աստուծոյ արարչագործ արարքով եւ մարդկութեան հետ ունեցած երկխօսութեամբ։

Գերպ. Վիկանօ նշած է, թէ նաեւ Եկեղեցին պէտք է իւրացնէ նոր լեզուներ՝ նմանիլ կարենալու համար Աստուծոյ մատուցած երկխօսութեան, դաստիարակելու համար ժողովուրդները։

Ան իր խօսքին մէջ հիմնականին անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ հաղորդամիջոցներու, եւ միջմարդկային յարաբերութիւններու նկատմամբ ունեցած պատկերացումներուն, շեշտելով երկու կէտ, ուր Սրբազան Հայրը կʼընդգծէ կարեւորութիւնը «ունկնդրել հաղորդամիջոցներուն եւ ընկալել կողմնորոշումները եւ ակնկալութիւնները, կարենալ աւելի լաւ ծառայելու Աւետարանի նպատակին։»

Անհատի մը հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել, չի նշանակեր անոր թելադրել թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, այլ նախ լսել՝ հասկնալու համար անհատի իրավիճակը, եւ ապա օգնելու որ անհատը հասկնայ իրականութիւնը՝ դրական կեցուածքով, զայն դիտելով Աստուծոյ աչքերով եւ սրտով։

Եզրափակելով իր պատգամը, Գերպ. Վիկանօ  շեշտած է որ պէտք է միշտ ապրիլ երկնային իրականութիւններու իղձով՝ կարենալ ըլլալու համար հասարակութիւն մը, որ ինքնիր մէջ չի փակուիր, Եկեղեցի մը, որ ուրախութեամբ կʼըմբոշխնէ եւ կը հաղորդէ Աւետարանը՝ ներկայ ըլլալով ժողովուրդին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.