2017-10-05 13:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը «Կեանքի Ակադեմիայի Քահանայապետական» կաճառի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 5 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Կեանքի Ակադեմիայի Քահանայապետական կաճառի անդամներուն հետ որոնք այս օրերուն կը մասնակցին կաճառի տարեկան լիագումար նիստին, որուն գլխաւոր նիւթն է «ընկերակցիլ կեանքին։ Նոր պատասխանատուութիւններ  արհեստագիտական դարաշրջանի մէջ»։

Սոյն նիւթը, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, միաժամանակ հարկաւոր ու մանրախնդիր է, ու կը հայի արհետագիտական զարգացումներու նուաճումներուն որոնք այսօր թոյլ կու տան կեանքի շահարկումը։ Հրատապ է առ այդ այս ուղղութեամբ խորացնել ուսումնասիրութիւններն ու համեմատութիւնները, հիմնուելով միշտ մարդ անհատի արժանապատուութեան յարգանքի վրայ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը այս մասին ներկայացնելով չորս կէտերէ բաղկացած երկար խորհրդածութիւն մը ուր շեշտը դրաւ ժամանակակից աշխարհի մէջ «ես» ի կեդրոնականութեան վրայ «որուն խորանին վրայ կը զոհուի ոեւէ մէկ բան, ներառեալ սիրելիները» եւ որ ծանր հետեւանքներ ունի կեանքի  վրայ, յատկապէս երբ կը գերիշխէ անբարեխիղճ նիւթապաշտութիւնը որ կը յատկանշէ տնտեսութեան ու արհեստագիտութեան միջեւ դաշինքը եւ որ կեանքը կը գործածէ որպէս շահագործելիք կենսամիջոց եւ կամ «մնացորդ» մը՝ ի նպաստ իշխանութեան եւ շահոյթին։ Մինչ «իսկական գիտական եւ արհեստագիտական զարգացում մը պէտք է աւելի մարդկային քաղաքականութիւններ ներշնչէ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ մատնանշելով քրիստոնէական հաւատքին ու Եկեղեցւոյ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կեանքի սրբութեան ու այդ կեանքի պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան եւ այր մարդուն ու կնոջ միջեւ կայացած սերտ դաշինքին, որուն Աստուած  յանձնած է արարչութիւնն ու պատմութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ  այր մարդու ու կնոջ միջեւ սիրոյ միութեան վրայ ու այդ սիրոյ հիման վրայ կազմուած ամուսնութեան ու ընտանիքի իրականութեան վրայ  որ  «կեանք կը փոխանցէ» շեշտելով «ընտանեկան կառոյցի» իրողութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը  ըլլայ մշակութային ըլլայ քաղաքական գետնի վրայ, ըլլայ աշխատանքի ու տնտեսական ոլորտներէն ներս։ 

Այր մարդն ու կինը կանչուած  չեն միայն խօսելու սիրոյ մասին այլ խօսելու սիրով՝ մարդկային հարցերու շուրջ, ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով այդ երկխօսութեան խաւերուն՝ ներառեալ թէ  ինչպէս իրականացնել մարդկային համակեցութիւնը Աստուծոյ իւրաքանչիւր արարածի նկատմամբ ունեցած սիրոյ լոյսին տակ։ 

Այրն ու կինը միասին ստեղծուեցան իրենց օրհնուած տարբերութեան մէջ, միասին մեղանչեցին եւ միասին՝ Քրիստոսի շնորհքին միջոցաւ վերադարձան Աստուծոյ գիրկը, պարտականութիւն ունենալով խնամք տանիլ աշխարհին եւ պատմութեան զոր Աստուած յանձնեց անոնց ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա հարկաւոր նկատեց  ճանչնալ պատմութեան բացթողումները ու քննադատեց վերջերս ի յայտ եկած տեսակէտը՝ ջնջելու «սեռի» տարբերութիւնը,  հաստատելով թէ մարդու եւ կնոջ դաշինքի միջոցաւ կեանքի պարգեւը՝ համաշխարհային մարդկայնապաշտութեան համար կայազօր է եւ ոչ թէ թերութիւն, ու թէ մեր պատմութիւնը կարող չէ վերանորոգուիլ եթէ չընդունինք այս ճշմարտութիւնը։

Երկարաշունչ ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ կեանքի զանազան հանգրուաններու վրայ յատկապէս անդրադառնալով մանուկներու ու տարեցներուն ու անոնց դիւրաբեկութեան, ինչպէս նաեւ հոգեակն ձգտումներուն ու հարցերուն, հաստատելով թէ ընկերութիւն մը ուր ամէն ինչ կը քննուի եւ կը վաճառուի ընկերութիւն մըն է որ արդեն կորսնցուցած է կեանքին իմաստը եւ ուր քաղաքներ կը կառուցուին որոնք հակառակ են մանուկներուն ու հասարակութիւններ որոնք տարեցները չեն ուզէր հիւրընկալել այս առընչութեամբ ընդգծելով Աստուածային Ողորմութեան հաւատքի վկայութեան կարեւորութիւնը, առանց որուն՝ դարաւոր քաղաքի մը մշակոյթը կարող չէ դիմադրել մարդկութեան նուաստացումին։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Կեանքի Քահանայապտեական նորաստեղծ կաճառը գործելու ի սպաս կեանքի պաշտպանութեան, յոյս յայտնելով որ չպակսին բարի կամք ունեցող այրեր եւ կիներ որոնք կը բաժնեկցին հարկաւորութիւնը՝ ազգերուն բացայայտելու կեանքին հայող  աւելի հարազատ իմաստութիւն մը ի սպաս հասարակաց բարիքին, հիմնուած բաց ու պտղաբեր երկխօսութեան մը վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վստահեցուց եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը՝ սաղմէն մինչեւ մահ  կեանքի պաշտպանութեան ի սպաս ներկաներու աշխատանքին,  ապա անոնց վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.