2017-10-05 10:16:00

Մեսրոպեան մանկապարտէզը կրթական տարեշրջանը կը սկսի ծառայութեան վերանորոգ շունչով


2017-ի Հոկտեմբերի 3-ը վերամուտի օր էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն համար: Վերամուտի տրամադրութեան մէջ էին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հետ ներկայացած էին մանկապարտէզ, նշելու համար կրթական նոր տարեշրջանի սկիզբը:

Այս առիթով կայացած հաւաքին խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը հաղորդեց, որ Մեսրոպեան մանկապարտէզը իր դռները կը վերաբանայ վերանորոգուած տեսքով ու շունչով, որ կ՛արտայայտուի երկու երեսներով՝ ֆիզիքական եւ բարոյական: Ան դիտել տուաւ, որ մանկապարտէզի դասարանները հիմնովին ենթարկուած են վերազինման՝ բարելաւելու համար աշակերտներու կրթական եւ դաստիարակչական միջավայրը, մինչ մանկապարտէզի ուսուցչուհիները կը վերադառնան իրենց գործին՝ առաւել պատրաստուած: Ուսուցչուհիներու ամառնային վերապատրաստումը, ինչպէս անցած տարիներուն, կատարուեցաւ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի մասնագէտներուն կողմէ: Պարոն Գալուստ շեշտեց, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը մանկապարտէզին կը շնորհէ մասնայատուկ ուշադրութիւն, քաջ գիտակցելով, որ մանուկներու կրթական հետագայ կեանքը մեծապէս պայմանաւորուած է նախադպրոցական տարիքին ստացած ֆիզիքական, բարոյական եւ ուսումնական կազմաւորումով:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.