2017-10-04 14:17:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Սիրոյ Նայուածքը՝ Խաղաղութեան Բանալին
Աչքերու խօսակցութեան սեփական փորձառութիւններ ունին մարդիկ. Եւ սա կարելի է տեսնել բոլոր մակարդակներու վրայ:
Սկսինք ծնողներու նայուածքով…
Ծնողներ, մասնաւոր նայուածք մը կը նետեն իրենց զաւակներուն աչքին, երբ ուրիշներու ներկայութեան չարութիւններ կ’ընեն կամ իրենց անյարմար նիւթերու միջամուխ կ’ըլլան, տարօրինակ արտայայտութիւններ ունենալով:

Կան նաեւ՝ պաղատագին նայուածքներ, որոնց յաճախ կրնաս հանդիպիլ յատկապէս արեւելեան աղքատ երկիրներու մէջ կամ երրորդ աշխարհեան շարք մը քաղաքներու հրապարակներուն վրայ, երբ պատանի մուրացիկներ խճողումի մէջ ինքնաշարժիդ ապակիին կը կպչին իրենց ափը բացած, նոյնիսկ փոքրիկ ակնկալութեամբ:

Ապա նաեւ՝ կայ  սիրոյ նայուածքը, որուն հմայքին եւ ազդեցութեան մասին հատորներ գրի առնուած են հեղինակներու կողմէ, գրականութեան էջերը ծաղկազարդելով վիպերգութեամբ:

Բոլոր նման տեսակի վէպերու մէջ կը նկարագրուի աչքերու խօսակցութիւնը, երբ լեզուն տկար է արտայայտելու հոգիէն եկող ապրումը եւ մտքին մէջ կազմաւորուած գաղափարը սիրոյ:

Իսկական սէրը սակայն, չի՛ կայանար միայն իրարու աչքերուն նայելուն մէջ: Զայն ապրելու համար չի՛ բաւեր միայն կարդալ դիմացինին աչքերու պաստառին վրայ գրուած գաղտնագիրը: Իսկապէս սիրելուն մեծագոյն նշաններէն մին նո՛յն ուղղութեամբ նայելուն մէջ կը կայանայ: Ուր որ կը սեւեռէ իր աչքերը այն՝ զոր կը սիրես, դուն ալ հոն սեւեռէ նայուածքդ եւ պիտի զգաս այն մեծ փոփոխութիւնը, որուն ակնկալիքով լեցուն է այս աշխարհը:

Աշխարհը իր բնակչութեամբ սիրոյ պակասէն կը տառապի: Յատկապէս տօնական օրերուն, երբ բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն մարդիկ, անյապաղ կը յիշեն խաղաղութիւնը, կարծէք միայն տօնական օրերուն պէտքը զգացուէր անոր: Խաղաղութեան կարօտ է ամէն հոգի այս տիեզերքին մէջ: Կենդանին, որուն առաջնորդը իր բնազդն է բնականաբար, գիշեր ատեն լռութիւն եւ խաղաղ անկիւն մը կը պահանջէ, որպէսզի քնանայ ու կենսուժ հաւաքէ յաջորդ օրուան համար: Գէթ իմ խնամած թռչունս այդ կ’ուսուցանէ ինծի ամէն օր, երբ հեռատեսիլին աղմուկը կամ հեռաձայնի անակնկալ զանգ մը խանգարէ իր անուշ քունը…:

Բաղձացուած այդ խաղաղութեան հաստատման համար սիրալիր կոչեր կ’ուղղուին աշխարհի ղեկավարներուն կողմէ: Շատ մը պետութիւններու, նոյնիսկ թշնամի գերպետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրարու քով կու գան, նոյն այս խաղաղութեան հաստատման համար եւ միացեալ յայտարարութիւններ կը ստորագրեն, «սէր» տարածելու համար: Սակայն, ի զո՜ւր…

Եւ հարց կու տամ յաճախ, թէ ինչո՞ւ չեն յաջողիր սէր ու խաղաղութիւն հաստատել այս իրարու աչքերուն նայող եւ թղթակիցներու նկարչական ոսպնեակներուն դիմաց այնքա՜ն երկարօրէն ձեռք թօթուող անձնաւորութիւնները…:

Պատասխանը շատ պարզ է: Որովհետեւ միայն իրարու աչքերուն կը նային անոնք, սակայն նոյն ուղղութեան չեն ուղղեր իրենց նայուածքը…: Առաջինը՝ զգացում է սոսկ, փոխադարձ սիրոյ վաղանցուկ ապրում մը լոկ, որուն տեւողութիւնը թերեւս ակնթարթ մը վերջ իր աւարտին հասնի, երբ աչքերը հեռանան իրարմէ եւ դադրին զիրար տեսնելէ: Մինչ երկրորդը՝ որոշում է, յանձնառութիւն է, ներքին մղում է, անձնական վճիռ է ու խոստում, զոր մարդ կը կատարէ յանուն իր արժանապատուութեան:

Միասին պիտի նայինք նո՛յն ուղղութեամբ: Այս է խոստումը, զոր իրարու պէտք է տան զիրար սիրող անձեր: Ըլլան անոնք կեանքի ընկերներ թէ բարեկամներ, ըլլան անոնք ազգեր ու ժողովուրդներ, ըլլան հոգեւոր թէ քաղաքական ղեկավարութիւն ստանձնած սպասաւորները մարդկութեան: Այդ նայուածքին ուղղութիւնը սլաքուած պէտք է ըլլայ բոլորը՝ աշխարհը ու մարդկութիւնը շահագրգռող նպատակակէտերու: Այդ նպատակակէտերուն առաջինը սէրն է, իսկ երկրորդը՝ խաղաղութիւնը:

Արդ՝ իրարու աչքերուն նայելէ առաջ, պէտք է նո՛յն ուղղութեան յառենք մեր նայուածքները, հոն՝ գուցէ հեռուն, տեսնելու համար ամէնուն կողմէ բաղձացուած սիրոյ դղեակը, որուն դուռներուն ճռնչագին բացումով, աշխարհը պիտի ողողուի խաղաղութեամբ ու երջանկութեամբ…:








All the contents on this site are copyrighted ©.