2017-10-04 13:30:00

«Ասսիզիի սուրբին նման հրապուրուինք Քրիստոսի սիրով» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 4 հոկտեմբեր 2017-ին, Ասիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց Ասսիզիի Սուրբին նման թոյլ տալ հրապուրուիլ կերպարանափոխուիլ Քրիստոսի սիրով, ապրելու համար ուրախութեան եւ աղքատութեան մէջ։

«Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի նման թոյլ տանք կերպարանափոխուիլ Քրիստոսի սիրով, որպէսզի ապրինք աղքատութեան եւ ուրախութեան մէջ»  գրեց Նորին Սրբութիւնը որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած աւանդական հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին եւս, ողջունելով երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները հրաւիրած էր առաջինները հետեւելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին, իրենց մէջ ամրապնդելով արարչութեան նկատմամբ ուշադրութիւնը, հիւանդներուն մաղթած էր որ Սուրբը թիկունք կանգնի անոնց ու իրենց առօրեայ յոգնութիւնները թեթեւցնէ, ապա նորապսակները օգնէ իրենց ընտանիքը կառուցելու՝ եղբայրասէր սիրոյ վրայ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.