2017-10-03 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


 (Ռատիօ Վատիկան) «Աշխատողներու եւ գործազուրկներու իրաւունքները»։ Այս է Հոկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը, որուն մասին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 3 հոկտեմբերին, հրապարակեց լսատեսողական պատգամ մը որուն մէջ ըսաւ.

«Պէտք է միշտ յիշենք աշխատաւորներու արժանապատուութիւնն ու անոնց իրաւունքները, դատապարտենք այն պարագաները ուր այդ իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը ոտնակոխ կ՛ըլլան, ու սատարենք մարդու եւ ընկերութեան իսկական զարգացումին»։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւէր ուղղեց աղօթելու ըսելով.

«Աղօթենք եղբայրներ աշխատանքի աշխարհին համար, որպէսզի բոլորին ապահովուին յարգանք եւ իրաւունքներու երաշխաւորում եւ գործազուրկներուն կարելիութիւն տրուի՝ իրենց աշխատանքով սատարելու հասարակաց բարիքի կառուցման»








All the contents on this site are copyrighted ©.