2017-10-03 14:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ծովու առաքելութեան համաժողովին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) 1- 7 հոկտեմբեր 2017-ին, Թայվանի մէջ  գումարուած է ծովի առաքելութեան համաշխարհային 24-րդ համաժողովը։ Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց վերոնշեալ համաժողովի մասնակիցներուն որուն մէջ  անոնց փոխանցեց   Ֆրանչիսկոս Պապին  ջերմ ողջոյններն ու  բարեմաղթանքները ապա նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ  համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերող եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն համար,  որպէսի  արդիւնաբեր աշխատանք տանին ի նպաստ  անոնց որոնք կ՝աշխատին ծովուն մէջ։

Պատգամի աւարտին Կարդինալ Փարոլին  նշած է թէ  Ֆրանչիսկսո Պապ Տիրամօր հովանին կը հայցէ  ծովայիններուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար  եւ բոլորին կը շնորհէ իր խաղաղութեան առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.