2017-10-03 10:50:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած Է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած երէկուան բռնութեան դէպքերուն առիթով ցաւակցական հեռագիր յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

«Խոր ցաւով տեղեկացայ Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնութեան այս ահասարսուռ դրսեւորման մասին, որ տասնեակ անմեղ զոհերու եւ հարիւրաւոր վիրաւորներու պատճառ դարձաւ:

Վիշտի ու կորուստի այս ծանր պահուն իմ խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ ձեզի, Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի  արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:

Մենք կ՛աղօթենք Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին հետ միասին զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան եւ տուժածներու լիարժէք ապաքինման համար», նշուած է Հանրապետութեան նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.