2017-10-02 15:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Լաս Վեկասի ողբերգական արարքին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 հոկտեմբերի երեկոյեան (Իտալիոյ ժամով առաւօտեան 7.10-ին) Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցող «country»  երաժշտական փառատօնի մը ընթացքին,  64 ամեայ տեղացի Սթեֆըն Փիքոք անունով մարդ մը կրակ բացած է փառատօնին մասնակցող ամբոխին վրայ, սպաննելով եւ վիրաւորելով տասնեակ անձեր։ Ոճրագործը ապա անձնասպան եղած է իր սենեակին մէջ ուր ոստիկանութիւնը  յայտնաբերած է բազմաթիւ զէնքեր։

Ի լուր վերոնշեալ ողբերգական արարքին Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիր մը յղած է Լաս Վեկասի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ ԺոզէՖ Անթոնի Փեփէի որուն մէջ արտայայտած է Սրբազան Քահանայապետին կսկիծն ու ցաւը ի տես պատահածին, ապահովեցնելով նաեւ Նորին Սրբութեան հոգեւոր մօտիկութիւնը՝ ոճրագործ արարքի թիրախ անհատներուն, այնպէս ինչպէս Անոր գնահատանքը  ոստիկանութեան ու շտապ օգնութեան անձնակազմի գործունէութեան համար, բոլորին վրայ հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ ողորմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.