2017-10-02 11:02:00

Պատրիարքական թեկնածութեան 11 հաւանական յաւակնորդներ


Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել պոլսահայ համայնքի օրակարգը: «Մէկ կողմէ, գործընթացի պաշտօնական մարմիններուն վերաբերեալ երեսակը փակուղիի մատնուած ըլլալ կը թուի, իսկ միւս կողմէ՝ պատրիարքական աթոռը իրմէ կախեալ աշխատանքը յառաջ կը տանի այս շրջանին: Ապագայի տեսակէտէն անորոշութիւնը, պղտորութիւնը թէեւ կը մնան առկայ, սակայն վերջերս Գումգաբուէն նամակներ ուղարկուած են թեկնածու սրբազաններուն: Այսպէս, տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի ստորագրութեամբ նամակներ ուղարկուած են Պոլիս գտնուող կամ արտասահմանի այն սրբազաններուն, որոնք կը համարուին պատրիարքի թեկնածու: Այստեղ չափանիշը այն է, որ այդ սրբազաններու ծնողները անցեալին եղած են թրքահպատակ կամ ոմանք Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ծնած ըլլալով՝ գաղթած են փոքր տարիքին: Բնականաբար, քաղաքիս սրբազաններու պարագային հպատակութեան տեսակէտէ որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի: Իսկ արտասահմանի սրբազաններուն պարագային, թրքահպատակ ծնողներ ունենալու կամ Թուրքիոյ մէջ ծնած ըլլալու հանգամանքը կրնայ հիմք ծառայել՝ պատրիարք ընտրուելու պարագային անոնց Թուրքիոյ քաղաքացի դառնալը», կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը:

Ըստ «Ժամանակ»ի՝ տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի ստորագրութեամբ նամակ ստացած են հետեւեալ սրբազանները.

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Վիգէն արք. Այգազեան, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան, Արամ արք. Աթէշեան, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, Պրազիլիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ եպս. Պէրպէրեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան:

Այս տասն անուններուն առընթեր պատրիարքի թեկնածու է նաեւ նոյնինքն տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան:

Այսպիսով, տասնմէկ սրբազաններ կը համարուին Թուրքիոյ հայոց 85րդ պատրիարքի թեկնածու:   «Ժամանակ»ը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն տեղապահ սրբազան հօր ստորագրութեամբ նամակ ստացած սրբազանները պատասխանեն՝ յստակացնելով «իրենց թեկնածու ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքը»: Վերոյիշեալ անուններու շարքին ոմանք շատոնց տեղեկացուցած էին, որ պատրիարքի թեկնածու չեն: Անոնց շարքին են՝ Խաժակ արք. Պարսամեան, Վիգէն արք. Այգազեան, Նաւասարդ արք. Կճոյեան եւ Սեւան արք. Ղարիպեան: Այս անուններու շարքին ոմանք յարմար կը դատեն եկեղեցական անդաստանէն ներս ծառայութիւնը շարունակել ներկայ առաքելութիւնով, ոմանք ալ տարիքի բերումով յարմար չեն նկատեր պատրիարքի թեկնածու ըլլալը:

«Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնական որեւէ հաղորդում չեն կատարած թեկնածուներուն ուղարկուած նամակներու նիւթին շուրջ: Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ օրերուն թեկնածուներու պատասխան-նամակները աստիճանաբար կը հասնին պատրիարքարան եւ այսպիսով գործնականօրէն յայտնի կը դառնայ, թէ ո՛ր սրբազաններու անուններուն շուրջ պիտի բիւրեղանան թեկնածութեան հարցերը», կը գրէ «Ժամանակ»ը՝ աւելցնելով. «Ծանօթ է, որ այս օրերուն քաղաքս կ՛այցելէ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան: Ըստ երեւոյթին, թեկնածութեան հրաւէր-նամակը ստացած ըլլալով ան փափաքած է այցելել քաղաքս ու տեղւոյն վրայ շնչել մթնոլորտը՝ վերջնականօրէն կողմնորոշուելու ընդառաջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.