2017-10-02 10:47:00

Թուրքիան հսկայական քայլերով կը հեռանայ Եւրոպայէն. Եունգեր


Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժանքլոտ Եունգերը յայտարարած է, որ Թուրքիան հսկայական քայլերով կը հեռանայ Եւրոպայէն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Եունգերը խօսած է գերմանական Bild պարբերականին հետ զրոյցի ժամանակ` անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:

Եւրոյանձնաժողովի նախագահը շեշտած է, որ պէտք չէ արտօնել, որ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցային գործընթացին մէջ արձանագրուած անյաջողութիւնները բարդուին Եւրոմիութեան վրայ: «Թուրքիոյ մէջ կայ ստուար զանգուած մը, որ կողմ է Եւրոպային: Մենք պէտք է աւելի զօրացնենք այդ հատուածը եւ չհիասթափեցնենք զանոնք»,­- յայտարարած է Եունգերը:

Նախօրէին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած էր, թէ երկիրը այլեւս չունի Եւրոմիութեան անդամակցութեան կարիքը, սակայն գործընթացին վերջ դնող կողմը իրենք պիտի չըլլան: «Կ՝ուզեմ բացայայտ ըսել հետեւեալը. գործընթացը աւարտողը, անկէ հրաժարողը մենք պիտի չըլլանք: Մենք արդէն չունինք Եւրոմիութեան անդամակցութեան կարիքը»,­- ըսած էր ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.