2017-10-02 10:44:00

«Հայ-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկային հաղորդակցութիւն եւ կազմակերպութիւն» հատորի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, ժամը 16։30ին, Վատիկանի Ռատիոկայանի կենդրոնին մէջ, պիտի կատարուի Dr. Adrienne Suvada-յի նոր գրքին շնորհանդէսը, խորագրուած «Հայ-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկային հաղորդակցութիւն եւ կազմակերպութիւն»։ Մեծ այժմէականութիւն ունեցող այս մենագրութիւնը կ5անդրադառնայ հայ ժողովուրդի եւ անոր պատմութեան, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքին եւ հաղորդակցութեան՝ իբր գոյատեւումի տարր։

Գրքի շնորհանդէսին ելոյթ պիտի ունենան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, Ռոպէր Աթթարեան՝ Վատիկանի Ռատիոյի հայկական բաժնի պատասխանատու, եւ հեղինակը՝ Դոկտ. Ատրիէն Սուվատա։








All the contents on this site are copyrighted ©.