2017-09-30 08:25:00

ՄԱԿ-ի կոչը՝ Միանմարի մէջ Ռոհինկիաներու դէմ զինուորական գործողութիւնը դարդրեցման ի խնդիր


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Միանմարի կառավարութեան կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու երկրին արեւելքը Արքան շրջանին մէջ իսլամ ռոհինկիաներու դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւնը` զգուշացնելով «շրջանին մէջ բնակիչներուն դէմ ընթացող ցեղային մաքրագործման արարքներու շարունակման պարագային շրջանին կայունութիւնը քայքայող հետեւանքներէ»:

Ապահովութեան խորհուրդը յայտնեց, որ Միանմարի կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է պաշտպանել երկրին քաղաքայինները, ներառեալ Արքան շրջանի քաղաքայինները, «եւ երաշխաւորել շրջանէն փախուստ տուածներուն կամաւոր ու ապահով վերադարձը»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նիստի ընթացքին յայտնեց, որ տագնապը մերձակայ նահանգներուն մէջ բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացուցած է եւ կը սպառնայ շրջանին մէջ ցեղային տագնապներ, ներառեալ քաղաքացիական պատերազմ յառաջացնել: Ան կոչ ուղղեց Միանմարի զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու:

Ան կոչ ուղղեց դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, օժանդակութիւններու մատակարարումը եւ տեղահանուածներուն վերադարձը արտօնել ու անոնց քաղաքացիութիւն շնորհել, որովհետեւ տագնապին խորքը քաղաքացիութեան կորուստն է:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի իր կարգին Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կոչ ուղղեց իսլամ ռոհինկիաներու դէմ բռնարարքներուն պատճառով առկախելու Միանմարի զէնքի մատակարարումը եւ յորդորեց, որ միանմարեան բանակը պատշաճ միջոցառումներ որդեգրէ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

«Չենք վախնար Պուրմայի (Միանմարի հին անունը, «Ա.») իշխանութիւնները կոչելու այն,  ինչ կը թուի ըլլալ` բիրտ ու շարունակական արշաւ մղող պետութեան մը` երկրէն բնաջնջելու համար ցեղային փոքրամասնութիւն մը», ըսաւ Հէյլի:

Միանմարի ազգային անվտանգութեան հարցերու պետական խորհրդական Թաունկ Թուն Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Միանմարի իշխանութիւնները կապ չունին Արքան նահանգին մէջ ցեղային մաքրագործումներուն հետ, իսկ անոնց վերաբերեալ լուրերը ապատեղեկատուութիւն են: Ան նիստի մասնակիցներուն հաւաստեց, որ Միանմարի իշխանութիւնները հաւատարիմ են մարդու իրաւունքներու յարգման, եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու անոր տեղակալը հրաւիրեց այցելելու երկիր, որպէսզի անձամբ ատոր համոզուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.