2017-09-29 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Նոր աւետարանումի խթանման խորհուրդի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 29 սեպտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական նոր Աւետարանումի խթանման խորհուրդի տարեկան լիագումար ժողովի մասնակիցներուն։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց յիշեալ ժողովին եկեղեցական հասարակութեան մէջ ողորմութեան Սուրբ տարուան պտուղները շարունակել ապրելու  յանձնառութեան համար ընդգծելով, որ Ողորմութեան Սուրբ Տարին  շնորհքի պահ մը հանդիսացաւ համայն եկեղեցւոյ համար,  որ զայն ապրեցաւ մեծ հաւատքով եւ հոգեւոր խանդավառութեամբ,  եւ պէտք չէ որ սոյն խանդավառութիւնը  մոռացութեան մատնուի։

Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ, որ  Աստուծոյ ժողովուրդը, ողորմածութեան պարգեւը   ուժեղ կերպով զգաց  իր վրայ  եւ յոբելինական   Սուրբ Տարին ապրեցաւ՝ յատուկէն բացայայտելով խոստովանանքի խորհուրդը,  որպէս  Աստուծոյ բարութեան, քնքշութեան եւ անսահման ներումի փորձարկութեան առանձնաշնորհեալ վայր, աւելցնելով որ եկեղեցին   մեծ պատասխանատուութիւն ունի այս առնչութեամբ եւ պէտք է որ  եկեղեցին    անդադար շարունակէ  ողորմածութեան գործիք դառնալ ։

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա մէջբերեց Ժողովուրդներու առաքեալ՝ Սուրբ Պօղոսի  թուղթէն հատուածներ խօսքը կեդրոնացնելով աւետարանումի նիւթին  վրայ ու հաստատելով  որ աւետարանումը իր էութեամբ  Աստուծոյ ժողովուրդին կը պատկանի ու այս առնչութեամբ  խօսեցաւ  երկու կէտերու մասին. առաջին՝ այն սատարը որ  իւրաքանչիւր ազգ իր իւրայատուկ մշակոյթով  կ՛ընծայէ Աստուծոյ ժողովուրդին ուղեւորութեան։

Եւ երկրորդ աւետարանումի ծիրէն ներս Աւետարանող ժողովուրդ ըլլալու գիտակցութիւնը, որ առիթ կ՛ընծայէ փորձարկելու հաւատացեալներու հասարակութեան խոր միութիւնն ու մարդկայնութիւնը։

Եկեղեցին կանչուած է ամէն մէկ ազգի մէջ տեսնելու անոր հարստութիւնը ու զայն արժեւորելու որպէսզի լիութեան հասցնէ համայն մարդկութեան միութիւնը՝ որուն եկեղեցին նշան ու խորհուրդ է – ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ այդ միութիւնը կազմուած է Հոգիին մէջ, որ մեր քայլերը կ՛առաջնորդէ, ապա նշեց թէ ոչ մէկ իրականութիւնը կարող է եկեղեցւոյ նման ճանչնալ ժողովուրդները ու արժեւորել անոնց՝ մշակութային, բարոյական ու հոգեւոր ժառանգութիւնը որ կը կազմէ սերունդներու ինքնութիւնը ու այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը հարկաւոր նկատեց մուտք գործել հաւատացեալներու սրտին մէջ որպէսզի անոնց բացայայտենք Աստուծոյ սէրը որ վստահութիւն եւ յոյս կը ներշնչէ յառաջ ընթանալու համար հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ նոր աւետարանումի ուղեւորութիւնը, համայն եկեղեցւոյ գործը ըլլալու է ապա բարի աշխատանք  մաղթեց բոլորին, յատուկէն՝ նշելով յառաջիկայ 19 նոյեմբերին նշուելիք «աղքատներուն համաշխարհային օրը»։

«Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ մօտիկութիւնս ու իմ թիկունքն» ըսաւ Սրբազան Պապը  եզրափակելով ճառը ու  բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու Տիրամօր հովանին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.