Երեւանի քաղաքապետարանի առաջարկութեամբ «Մէգերեան կարպետ» ընկերութեան կողմէ մայրաքաղաքի Կարապի լիճի հարեւանութեամբ բացուած է հայկական վիշապագորգի խճանկարը: Գոյնզգոյն եւ կիսաթանկարժէք քարերով պատրաստուած խճանկարի հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն քաղաքապետարանէն, վիշապագորգի խճանկարը պատրաստուած է շուրջ 900 հազար կտոր քարերէ, որոնք կը ներառեն մարմար, որձաքար, խաժաքար, տուֆ-աւազաքար: «Մէգերեան կարպետ» ընկերութեան նախագահ Րաֆֆի Մէգերեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետին ընկերութեան ծրագիրներուն մշտապէս աջակցելու համար` ընդգծելով, որ քաղաքապետարանի այս առաջարկը իւրօրինակ քայլ, ինչպէս նաեւ եւս մէկ հնարաւորութիւն է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը նաեւ այս կերպ ներկայացնելու համար:
Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական, Երեւան քաղաքի գլխաւոր ձեւաւորող Գագա Ամատունին ալ նշած է, որ սա Երեւանի քաղաքապետարան-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան եւս մէկ յաջող օրինակ է, որ պիտի ունենայ նաեւ շարունակութիւն:
Հարկ է նշել, որ այս խճանկարին մէջ արտացոլուած է Լոնտոնի պատմութեան թանգարանին մէջ գտնուող 16-րդ դարու հայկական վիշապագորգը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |