2017-09-29 08:24:00

«Եւրոպան կ՛անտեսէ Քաթալոնիոյ Եւ Սպանիոյ յարաբերութիւններու ճգնաժամը» կ՛ըսէ Փուչտեմոն


Եւրոպական միութիւնը կ՛անտեսէ Սպանիոյ կեդրոնական կառավարութեան եւ Քաթալոնիոյ յարաբերութիւններուն ճգնաժամը: «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քաթալոնիոյ ինքնավար շրջանի ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն:

«Անոնք շատ խիզախ են, երբ կը խօսին այն երկիրներուն մասին, ուր իրենք իրաւասութիւններ չունին, սակայն անոնք ո՞ւր են, երբ անոնց քաղաքացիները իրենց կարիքը ունին», ըսած է ան` հարց տալով. «Եւրոպայի որոշումը քաթալոնացիներուն կռնակ դարձնե՞լն է»:

Անոր կարծիքով` 1 հոկտեմբերին նախատեսուած Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն պիտի արտօնէ լսելի դարձնել ինքնավարութեան բնակիչներուն ձայնը: «Ան, որ չ՛ուզեր լսել մեր ձայնը, պէտք է դիմէ ականջի բժիշկի», յայտարարած է Քաթալոնիոյ ղեկավարը: Փուչտեմոնի համաձայն, եթէ քաթալոնացիները քուէարկեն անկախութեան օգտին, ինք պիտի դիմէ Եւրոպական Միութեան միջամտելու խնդրանքով:

Մինչ այդ, Քաթալոնիոյ ոստիկանութիւնը Սպանիոյ իշխանութիւններու` ընտրական տեղամասերը փակելու որոշումին հարցով բնակչութիւնը զգուշացուցած է հաւանական անկարգութիւններու վերաբերեալ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Մատրիտ այդ ձեւով կ՛ուզէ խոչընդոտել անկախութեան հանրաքուէին կայացումը: Երկրին ընդհանուր դատախազը հրամայած է հանրաքուէի օրը ոստիկաններ կանգնեցնել, որպէսզի անոնք մարդոց քուէարկութիւնը խանգարեն:

Քաթալոնիոյ ներքին գործոց նախարար Խոաքիմ Ֆոռն դատախազին հրամանը մեծ սխալ կոչած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.