2017-09-28 08:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ճարտարապետական խոչընդոտներու նուաճումի միջազգային օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի, հոկտեմբեր 1ին, կը կատարուի FIABADAYի՝ ճարտարապետական խոչընդոտներու նուաճումի միջազգային 15րդ օրը։

Այս առիթով, ստորագրութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարլոինի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը յղած է անոնց, որոնք կ՛աշխատին՝ բոլորին երաշխաւորել կեանքի հաւասար պատեհութիւններ, անկախ ֆիզիքական կամ ընկերային պայմաններէն, սատար կանգնելով նոր մշակոյթի կերտումին՝ որ կենդրոնացած է բոլոր խոչընդոտներու նուաճումի վրայ։

Նորին Սրբութիւնը հեռագիրին մէջ կը մաղթէ, որ քրիստոնէական հաւատքի՝ մարդու եւ ընկերութեան աճումին բերած հիմնական նպաստի գիտակցութիւնը խթանէ միշտ աւելի սուր գործունէութիւն կատարելու՝ մարդկային յառաջացումի ի նպաստ, աճեցնելով եղբայրական զօրակցութիւնը եւ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան յարգանքը։

Հեռագիրի աւարտին Կարդինալ Փարոլին խնդրած է աղօթել Քահանայապետի տիեզերական ծառայութեան դիտաւորութեան, ապա Աստուածածնի բարեխօսութեամբ Նորին Սրբութեան առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է գործակից անդամներուն, հեղինակութիւններուն եւ ձեռնարկի մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.