2017-09-28 08:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ շարք մը երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու յայտագիրը, որուն մէջ նշուած է թէ յառաջիկայ կիրակի՝ մէկ հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Պոլոնիա քաղաքին, մինչ Կիրակի՝ 15 հոկտեմբերին, առաւօտեան 10.15-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ան պիտի գլխաւորէ շարք մը երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը։ 

Այս առթիւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սուրբեր պիտի հռչակուին. Երբեմնի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Ամերիկայի բնիկներու առաքեալ, Հայր Անտրէա Տէ Սովերալ, Հայր Ամպրոճօ Ֆրանչեսքօ Ֆերրօ, աշխարհական Մաթթէօ Մորեյրա ու անոր 27 ընկերները, որոնք համարուած են Պրազիլի նախավկաները եւ որոնք իրենց հաւատքը վկայեցին ի գին իրենց կեանքին ու նահատակուեցան 1545 թուականին։ Ապա Մեքսիքոյի նախավկաներ՝ երիտասարդ նահատակներ Քրիստոպալ, Անթոնիօ եւ Խուան որոնք իրենց արիւնը դափեցին Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն համար, հուսկ Սպանացի Հայր Ֆաուսթինօ Միկէզը «Աստուածային Հովուուհի» միաբանութեան հիմնադիրը եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ՝ Իտալացի Հայր Անճելօ Տա Աքրի, որ իր կեանքը նուիրած է կարիքաւորներու պաշտպանութեան ու ընկերային արդարութեան հաստատման ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.