2017-09-28 09:09:00

Կարդինալ Սանտրի մեկնած է Ռումանիա բնակչութեան փոխանցելու Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 28 սեպտեմբերէն մինչեւ մէկ հոկտեմբեր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ընդառաջելով Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հարիւրամեակին առթիւ Ֆըկըրաշի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Լուչան Մուրեշանի հրաւէրին մեկնած է Ռումանիա ուր նախատեսուած են հանդիպումներ՝ բարեսիրական հաստատութիւններու հետ ու նոր եկեղեցւոյ մը օծման արարողութիւնը, ապա հանդիպում՝ Օրթոտոքս Պատրիարքին հետ, Նախագահի խորհրդատու՝ Տիար Սերճօ- Նիսթորի հետ ու դիւանագիտական մարմնի անդամներու հետ ապա Սուրբ պատարագ Լատինաց Սուրբ Յովսէփ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Ծիրանաւորը ապա հանդիպում պիտի ունենայ տեղական եպիսկոպոսներուն հետ ու պիտի նախագահէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հարիւրամեակին նուիրուած Ակադեմիական նիստը։

Կիրակի հոկտեմբեր մէկին Կարդինալ Սանտրի եւ Կարդինալ Մուրեշան պիտի նախագահեն համապատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ նոր եկեղեցւոյ մը օծման արարողութիւնը։

Ռումանիայի իր այս այցելութեան առթիւ, Կարդինալ Սանտրի բոլորին՝ հովիւներուն, հաւատացեալներուն, տեղական իշխանութիւններուն ու Ռումանիայի համայն ժողովուրդին պիտի փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապին սիրալիր ողջոյնը ու անոր առաքելական օրհնութիւնը, որպէս կարեկցութեան, մօտիկութեան ու Տիրոջ մէջ յոյսի խթան, համամիութենական երկխօսութեան ուղեւորութեան մաղթանքով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.