2017-09-27 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Վինչենցիանա ընտանիքի հիմնադրութեան 4-րդ դարադարձի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի,  27 սեպտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց «Վինչենցիանա» ընտանիքին՝ միաբանութեան հիմնադրութեան 400 դարադարձի առիթով։ 

Պատգամին մէջ  Սրբազան Հայրը իր  խօսքը կեդրոնացնելով միաբանութեան հիմնադիր՝ Սուրբ Վենսան Տը Փօլի շնորհապարգեւին  վրայ, գրած է  «Ան իր կեանքը ապրեցաւ  միշտ  ուղեւորութեան մէջ,  պատրաստակամ՝ Աստուծոյ եւ իր անձը որոնելու  եւ այս հետեւողական փնտռտուքին մէջ ընդունեցաւ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի  ներգործումը, եւ որպէս հովիւ, հրաբորբ սրտով հանդիպեցաւ աղքատ անձերուն, անոնց միջոցաւ հանդիպելով Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին հետ։ Այսպէսով Սուրբ Վենսանի կեանքը կերպարանափոխուեցաւ՝ դարձաւ ծառայութեան կեանք մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը»։ 

Ապա Սուրբ Վենսանը նմանեցնելով մանանեխի հատիկի, Նորին Սրբութիւնը նշած է,  որ սոյն փոքրիկ հատիկը՝ մշակուած 1617ին, աճ տուաւ Սիրոյ  Քոյրերու  Միսիոնարական Միաբանութեան,  որ իր  ճիւղաւորումները  գտաւ ընկերակցութիւններու  եւ հաստատութիւններու մէջ եւ դարձաւ մեծ ծառ, մեծ ընտանիք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Սուրբին հեզ նկարագրին,  գրած է որ Սուրբ   Վենսան չուզեց  ըլլալ  դերակատար՝ այլ մնաց  փոքրիկ սերմ – համոզուած ըլլալով, որ  խոնարհութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են սերմի մարմնացման օրէնքի համար, որ կեանք կու տայ՝ մեռնելով։

Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերած է Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած հետեւեալ հատուածը «Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք» (Մատթ 25, 40) եւ նշած է «Վինչենցիանա ընտանիքին  սիրտը  դրոշմուած է լքուածներու եւ աղքատներու խնամքով»։ Ապա շեշտ դրաւ եղբայրսիրութեան վրայ նշելով, որ եղբայրսիրութիւնը եկեղեցւոյ սրտին կեդրոնը կը գտնուի եւ անոր գործունէութեան դրդապատճառը կը համարուի, ինչպէս նաեւ առաքելութեան հոգին։ Ան դիտել տուաւ, որ  Եղբայրսիրութիւնը եկեղեցւոյ վարդապետութեան գլխաւոր ուղին կը համարուի։

«Ինչպէս Քրիստոս  ուղարկուեցաւ Իր Հօր կողմէն՝ բարի լուրը աւետելու համար աղքատներուն՝ այսպէս նաեւ եկեղեցին իր սիրալիր խնամքով շուրջը հաւաքեց  բոլոր անոնք, որոնք խոցուած են մարդկային տկարութիւններով, եւ աղքատներու եւ տառապողներու մէջ կը ճանչնայ իր հիմնադիրին՝ Քրիստոսի պատկերը» գրած է Սրբազան Հայրը աւեցնելով, «Սուրբ Վենսան այս բոլորը թարգմանեց իր կեանքով, հետեւաբար այսօր եւս ան կը խօսի իւրաքանչիւր անձի հետ։ Անոր վկայութիւնը մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու միշտ ուղեւորութեան մէջ, պատրաստ՝ անակնկալի մատնուելու Տիրոջ հայեացքէն եւ խօսքէ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտած է Եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար հայցելով Աստուծմէ՝ անօթի եղբայրներու, օտարականին, արժանապատուութենէ զուրկ անձին եւ հիւանդին մէջ Յիսուս Քրիստոսը գտնելու շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.