2017-09-27 08:46:00

Համամիութենական աղօթքի հսկում Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի՝ 27 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան 5.45-ին, Հռոմի Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպուած է համամիութենական աղօթքի հսկում վասն  Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն։ Աղօթքի հսկումի արարողութիւնը կը նախագահէ Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա՝ «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական բարեսիրական մարմնի միջազգային նախագահը։ 

''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւնը''  վերոյիշեալ Քահանայապետական մարմինը կաթողիկէ միջազգային ընկերակցութիւն մըն է որ ունի որպէս կէտ նպատակ եղբայրաբար օգնութեան հասնիլ տառապող եւ կարօտեալ տեղական եկեղեցիներուն։ Հիմնուած է 1947-ին հոլանտացի հայր Ժան Սդրադենի կողմէ։ Ընկերակցութիւնը ներկայիս նիւթական եւ հոգեւոր օժանդակութիւն կու տայ աւելի քան 140 երկիրներու։ Անոր առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին է նաեւ օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու հասարակութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.