2017-09-27 10:12:00

«Յոյսին թշնամիները» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս այսօր կ՛ուզեմ ձեր հետ խորհրդածել Յոյսի թշնամիներու մասին, որովհետեւ յոյսը եւս աշխարհի այլ բարիքներու նման, ունի թշնամիներ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 27 սեպտեմբեր 2017-ին սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան զոր ներկայացուց Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ եւ որ ներշնչուած էր Պօղոս առաքեալի Տիմոէթոսին ուղղած նամակէն ուր առաքեալը իր աշակերտին կը յորդորէ ինքզինք գթութեան վարժեցնէ՝ որովհետեւ գթութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որովհետեւ իր մէջ ունի ներկայ ու յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Պօղոս առաքեալ ապա կը հաստատէ «Մենք կը վստահինք ու կը պայքարինք, որովհետեւ մեր յոյսը դրած ենք կենսատու Աստուծոյ վրայ, Փրկիչ բոլոր մարդոց, մանաւանդ հաւատացեալներուն»։

Միտքս կու գայ Պանտորայի արկղի հինաւուրց առասպելը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Պանտորայի արկղին բացումը բազմաթիւ դժբախտութիւններ կը յառաջացնէ  աշխարհի պատմութեան մէջ։ Քիչերը սակայն կը յիշեն թէ պատմութեան վերջին մասին մէջ կայ լոյսի փոքրիկ նշոյլ մը, արդարեւ բոլոր դժբախտութիւններէն ետք Պանտորայի արկղին յատակը կը յայտնուի  միակ մխիթարութեան ու բարի ոգին՝ յոյսը, որ ազատութիւն կ՛աղերսէր խոստանալով բուժել տառապեալ մարդկութիւնը։

«Այս առասպելը մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչու այդքան ալ կարեւոր է մարդկութեան համար յոյսը։ Ուղիղ չէ հաստատել թէ մինչեւ որ կեանք կայ՝ կայ նաեւ յոյս, ընդհակառակը, յոյսն է որ կանգուն կը պահէ կեանքը, զայն կը պաշտպանէ ու կ՛աճեցնէ։ Եթէ մարդիկ յոյս չունենային, եթէ այս առաքինութեան վրայ չի հիմնուէին, աշխարհի պատմութեան մէջ իրենց հետքերը երբեք պիտի չի լքէին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Ֆրանսացի բանաստեղծ Շարլ Փեկիի խօսքերուն ուր ան հաստատած է թէ «Աստուած չի սքանչանար մարդոց հաւատքի եւ ոչ ալ անոնց ցուցաբերած սիրոյն վրայ, այլ Զայն յուզողը անոնց յոյսն է»։ 

Յոյսը արդարեւ մղիչ ուժն է սրտին անոր որ կը թողու տուն, հող ու հարազատներ, աւելի լաւ կեանք մը փնտռելու համար, աւելի արժանավայել կենցաղ որոնելու՝ իրեն ու իր սիրելիներուն համար։ Այդ է նաեւ մղիչ ուժը սրտին անոր որ կը հիւրընկալէ, հանդիպելու իղձով, իրար ճանչնալու ու իրարու հետ երկխօսելու… Յոյսը մղիչ ուժն է բաժնեկցելու կեանքի ճանապարհորդութիւնը, ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ միջազգային Քարիթասի քարոզարշաւը որուն մեկնարկը կը կատարուի այսօր - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց «վախ չունենալ  ճանապարհորդութիւնը բաժնեկցելէ։ Վախ չունենալ յոյսը բաժնեկցելու»։ 

Յոյսը առաքինութիւն մը չէ իրենց փորը կուշտ մարդոց համար։ Ահա թէ ինչու, աղքատները եղած են միշտ յոյսի ջահակիրներ։ Աշխարհ մուտք գործելու համար Աստուած եւս պէտք ունեցաւ անոնց՝ Յովսէփին ու Մարիամին, Բեթղեհէմի հովիւներուն։ Սուրբ Ծնունդի գիշերը համայն աշխարհ մը կը ննջեր,  ձեռք բերած վստահութիւններու վրայ  հանգչելով։ Հեզերը սակայն լռելեան կը պատրաստէին բարութեան յեղափոխութիւնը։ Անոնք աղքատ էին ամէն բանով, սակայն հարուստ էին աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ամենաթանկագին իրողութեամբ՝ փոփոխութեան ցանկութիւնը, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «շատ անգամ կեանքի մէջ ամէն ինչ ունենալը կը դառնայ դժբախտութիւն» ու ակնարկեց այն երիտասարդին որ  չի գիտեր ի՞նչ ըսել է սպասելու եւ համբերութիւն ունենալու առաքինութեան իմաստը, ան որ որ ամէն ինչ ունի առանց քրտինք դափելու եւ որ քսան տարեկանին գիտէ թէ ինչպէս յառաջ կ՛ընթանայ աշխարհը։ Այդ անձը դատապարտուած է ամէնադառն դատապարտումին որ է՝ ոչ մէկ բան ցանկանալ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Դատարկ հոգի մը ունենալ յոյսի ամենամեծ խոչընդոտն է» եւ հարկաւոր նկատելով   մեր սրտերը պահպանել ու դիմադրել տխրութեան փորձութիւններուն որոնք վստահաբար Աստուծմէ չեն բխիր։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց դժուարութիւններու ընթացքին դիմել Յիսուսին պարզ աղօթքով մը. « Տէր Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, գթա մեղաւորիս» ապա հաստատեց  «մենք միայնակ չենք պայքարիր յուսահատութեան դէմ։ Եթէ Յիսուս յաղթեց աշխարհին, Ան կարող է յաղթել նաեւ ամէն բանի որ կը հակառակի բարիքին։ Եւ Եթէ Աստուած մէր հետն է ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել այդ առաքինութիւնը որ հիմնական է կեանքի համար. ոչ մէկը մեզմէ կարող է խլել յոյսը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.