2017-09-26 09:37:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է Անկելա Մերքելը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան  շնորհաւորական ուղերձ յղած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին` խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոր գլխաւորած Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն դաշինքին յաղթանակին առիթով` վստահութիւն յայտնելով, որ անոր իմաստուն կառավարումին շնորհիւ Գերմանիոյ բարեկամ ժողովուրդը պիտի շարունակէ ընթանալ զարգացման ու վերելքի ուղիով, իսկ Գերմանիան աւելի պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը միջազգային մակարդակի վրայ:

Ան հաստատած է, որ Գերմանիոյ քաղաքացիներուն կողմէ տրուած վստահութեան քուէները լաւագոյնս կը վկայեն կուսակցութեան նկատմամբ անոնց ունեցած վստահութեան եւ տարիներ շարունակ կուսակցութեան կողմէ իրականացուող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան մասին:

«Ձեր կառավարման տարիներուն հայ-գերմանական փոխադարձ գործակցութեան օրակարգը աշխուժ զարգացում ապրած է, նոր որակ ստացած է քաղաքական երկխօսութիւնը, աշխուժացած են բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները, ընդլայնուած ու խորացած են տնտեսական, մարդասիրական, միջխորհրդարանական եւ ապակեդրոնացեալ կապերը:

«Մեզի համար կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն է այն, որ Գերմանիան այսօր Հայաստանի վստահելի ու կայուն գործընկերներէն է, մեր երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման հաստատուն աջակիցը», նշած է ան:

Նախագահ Սերժ  Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային հայ-գերմանական համագործակցութիւնը առաւել եւս կ’ամրապնդուի ու կը համալրուի փոխշահաւէտ ծրագիրներով` ի նպաստ մեր ժողովուրդներու բարօրութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.