Հայաստանը կը գտնուի բիբլիական Արարատի հովանիին ներքոյ, կապուտակ Սեւանի ափին, ունի գեղատեսիլ կիրճեր, «Փանարմինիըն»-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ հնդկական DNA India պարբերականը:
Յօդուածին հեղինակը կը պատմէ բազմադարեայ հեթանոսական տաճարներու, եկեղեցիներու ու վանքերու մասին: «Հայաստանը 3 միլիոն բնակչութեամբ հարաւկովկասեան երկիր է, որ կը գտնուի Վրաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ դեռ 301 թուականին աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած առաջին պետութիւնն է: Ատով կը բացատրուի եկեղեցիներու ու վանքերու առատութիւնը, որոնց թիւը կը հասնի մօտ 4000-ի, ատոնցմէ քանի մը հատը կառուցուած են 4-րդ դարուն»։
Յօդուածին մէջ նկարագրուած են Խոր Վիրապը, Գառնին, ուր Երեւանէն հասնելու համար ընդամէնը 1 ժամ կը պահանջուի:
«Պատմութիւնը կը վկայէ, որ երբ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ որպէս պետական կրօն, բոլոր հեթանոսական տաճարները քանդուեցան եւ տեղը եկեղեցիներ կառուցուեցան: Սակայն Գառնին այնքան գեղեցիկ էր, որ անվնաս մնաց»,-կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Պարբերականը կը պատմէ նաեւ 4-րդ դարուն կառուցուած Գեղարդի մասին, որ մասամբ ժայռափոր է: Կը նշուի, որ «Գեղարդի օդին մէջ կը թեւածէ խունկի բոյրը»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |