2017-09-26 09:14:00

Արդեօ՞ք այսօրուայ երիտասարդները կը հասկնան հաւատքին իմաստը


Երիտասարդները մարդկութեան ապագան են. այս խօսքը յաճախ կրնկուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայ ապետի կողմէ որ կը նկատուէր երիտասարդներու մեծ բարեկամը եւ նախաձեռնողը համաշխարհային Երիտասարդական oրերուն :

Այս օրերուս, շատ մը երիտասարդներ դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին : Ոմանք հաստատ գործ մը կը փնտռեն վերջ տալու համար իրենց անկայուն վիճակին . ուրիշներ հոգեւոր փնտռտուքի մը հետեւելով՝ կը ջանան իմաստ մը տալ իրենց կեանքին : Շատեր ալ հեռացումէ եւ առանձնութենէն կը տառապին :

Ի՞նչու մեր երիտասարդները հեռացած են Քրիստոսէն եւ Եկեղեցիէն : Ճոն Պէրք կ'ըսէր թէ երիտասարդութիւնը տարիքի հարց չէ, այլ վարուելակերպ մըն է կեանքի եւ ընկերութեան հանդէպ:

Քաջ տեղեակ ենք թէ ներկայիս երիտասարդութիւնը կ'ապրի աշխարհի մը մէջ ուր կը գտնենք զիրենք տարբեր ընկերային , կրօնական եւ քաղաքական մարզերու մէջ : Բայց կրօնքը անհրաժեշտ կը մնայ հոգեւորականութեան , մշակոյթին եւ լաւ դաստիարակութեան համար:

Ի՞նչպէս հաղորդակցիլ երիտասարդութեան հետ կարեւոր նիւթերու մասին, ինչպէս քրիստոնէական բարոյականը  եւ բացատրել իրենց թէ քրիստոնէութիւնը կարեւոր մաս կը կազմէ իրենց առօրեայ կեանքին : Նախ եւ առաջ , պէտք է ի մտի ունենալ հետեւեալ հարցերը. « Անոնք յըստակօրէն ին՞չ կ`ակնկալեն մեզմէ. արդե՞օք պիտի ընդունին երկխօսել  իրենցմէ  աւելի փորձառու անձերու հետ կրօնական եւ բարոյական այնպիսի նիւթերու մասին , որոնք դժուար ըմբռնելի են եւ անհասկնալի :

Քահանայական առաքելութեանս ընթացքին, շատ անգամներ գործակցեցայ երիտասարդներու հետ եւ անդրադարձայ թէ անոնք կը նախընտրեն ապրիլ իրենց յատուկ աշխարհի մը մէջ: Անոնք բոլորովին կը մերժեն ընկերութիւնը եւ անոր կեանքի ընթացքը , գաղափարներն ու բարոյական արժանիքները : Անոնցմէ ոմանք կ`ատեն եկեղեցին եւ իր ուսուցումները : Միրթէ ՞ անոնք կը վախնան անյայտ եւ անըմբռնելի բաներէն : Ցայտուն իրադարձութիւն մըն է թէ երիտասարդները կը վախնան ապագայէն , մանաւանդ երբ անոնք ականատես կ'ըլլան ու կը զգան ներկայ աշխարհիս կրօնական, տնտեսական եւ քաղաքական անկայութիւնները: Առաւել եւս մտահոգիչ է անոնց դրժումը ընտանիքին, որ, ըստ իրենց, չի փորձեր զիրենք հասկնալ եւ չի ջանար իրենց պէտքերուն հասնիլ եւ իրենց փափաքները կատարել : Անոնք կը փորձեն իրենց անձերը արժեւորել եւ իրենց կարողութիւնները զարգացնել ՝ հասնելու համար իրենց նպատակներուն : Յուսախաբ կը մնան երբ կը ձախողին , եւ ըստ այնմ կը սկսին յոռետեսութեան մէջ ընկղմիլ:

Համոզուած ըլլանք թէ Եկեղեցին ու ընտանիքը մեր երիտասարդներուն միակ ապաստաններն են, քանի որ լուծումներ կու տան անոնց հարցերուն եւ զանոնք կը հեռացնեն մտահոգութիւններէն :

Լիբանանցի նշանաւոր հեղինակ ՝ Ժպրան Խալիլ Ժպրան կ`ըսէր . «Հաւատքը կ`ամփոփէ իր մէջ ամէն արարք ու միտք »: Հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ միշտ բարութեան մէջ ապրիլ : Անցեալին կրօնքն ու փիլիսոփայութիւնը կը դասուէին միեւնոյն ընտանիքին մէջ: Ուրեմն հաւատքի ոգիով է որ պէտք է մօտենանք երիտասարդներուն . ի հարկ է, որ մենք ՝ որպէս Եկեղեցւոյ պատասխանատուներ՝ ըլլալու ենք լաւ վկաները Քրիստոսի Աւետիսին, ցոյց տալով մեր զօրակցութիւնը իրենց հետ: Կ`ըսուի թէ իսկական բարեկամը կը ճանչցուի դժուարագոյն պարագաներուն ընթացքին  : Մենք պարտինք մեր սրտերը բանալ երիտասարդներուն իրենց ապացուցանելու համար թէ եկեղեցին անտարբեր չէ իրենց աշխարհին եւ իրենց գաղափարներուն:

Միշտ պէտք է յոյս տալ մեր երիտասարդներուն եւ պէտք է միշտ իրենց յիշեցնել  թէ յոյսը աւելի զօրաւոր է քան յուսահատութիւնը:

Որպէս եզրակացութիւն այս կարեւոր նիւթին, պիտի փափաքէի յիշեցնել մի քանի կարեւոր կէտեր որոնք կ`օգնեն երիտասարդներուն աւելի լաւ ապրելու իրենց կեանքը եւ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու իրենց միջավայրին հետ.

-         Քրիստոնեայ մշակոյթը շատ կարեւոր է հաստատ ընկերային դաստիարակութեան մը համար :

-         մեր  ընտանիքներուն քրիստոնէական մթնոլորտը՝ կեանքի հասկացողութեան տիպար գործօն մըն է :

-         աստուածային լոյսը կը լուսաւորէ մեր կեանքին ընթացքին մեր առած բոլոր ճամբաները :

 

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

         








All the contents on this site are copyrighted ©.