2017-09-25 10:16:00

Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուն Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 25 եւ 26 սեպտեմբեր 2017-ին Հայման Ռուսիոյ Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ՝ Մետրոպոլիտ Հիլարիոն ժամանած է Վատիկան շնորհակալութիւն յայտնելու Սուրբ Նիկողայոսի մասունքները Մոսկուա ուղարկելու համար ու քննարկելու ապագայի միասնական ծրագիրներ։

Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի Հռոմ  կեցութեան ընթացքին նախատեսուած է յատուկ ունկնդրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ՝ 26 սեպտեմբերի կէսօրին ապա առանձնական այցելութիւն Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին։ 

Նշենք, թէ Սուրբ Նիկողայոսի  մասունքները Մոսկուա փոխադրուած էին 21 մայիս 2017-ին, որպէս երկու եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական մէկ ձեռնարկ եւ նախ քան անոնց Իտալիա վերադարձը, Մոսկուայի կաթողիկէ եւ օրթոտոքս հաւատացեալները միասնաբար մեծարած էին այդ մասունքները։

Վերոնշեալ ձեռնարկը արդիւնքն է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Կիւրեղ Ա Պատրիարքի միջեւ Քուպայի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումին ու այդ հանդիպումի ընթացքին գոյացած  համաձայնութեան։

«Սուրբ Նիկողայոսի  մասունքներու  պաշտամունքը  կրնայ սատարել հաւատացեալներու միջեւ   համամիութենական երկխօսութեան» յայտնած էր  Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարդինալ Քիւրտ Քոխը, արտայայտուելով Սուրբին մասունքներուն Մոսկուա փոխադրութեան մասին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.