2017-09-25 09:25:00

Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններ. Մերքել 4-րդ անգամ ըլլալով Գերմանիոյ վարչապետ


Գերմանիոյ մէջ կիրակի, 24 սեպտեմբերին, տեղի  ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Գերմանիոյ տարածքին 88.000 քուէարկութեան կեդրոններ իրենց դռները բացին առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Շուրջ 61,5 միլիոն քուէարկողներ իրաւասու էին մասնակցելու քուէարկութեան:

Պունտըսթակի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Անկելա Մերքելի գլխաւորած Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն դաշինքը ապահոված է քուէներուն 33,1 առ հարիւրը, Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 20,4 առ հարիւրը, Ազատ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 10,4 առ հարիւրը, ծայրայեղական աջակողմեան Գերմանիոյ համար այլընտրանք կուսակցութիւնը` 13,2 առ հարիւրը, Կանաչներ կուսակցութիւնը` 9,3 առ հարիւրը, իսկ Ձախերը` 8,9 առ հարիւրը:

Մասնակցութեան համեմատութիւնը 75,6 առ հարիւր էր, ինչ որ բարձր է չորս տարի առաջ արձանագրուած արդիւնքէն:

Այսպիսով, Անկելա Մերքել չորրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Գերմանիոյ վարչապետ` հաւասարելով Հելմութ Քոլի մրցանիշին: Այժմ անոր կը սպասեն կառավարութեան կազմութեան դժուար բանակցութիւններ, որոնք կրնան ամիսներ երկարիլ: Նշենք, որ ան ընտրապայքարի ընթացքին յայտնած էր, որ իր նախընտրութիւնը Ազատ ժողովրդավարական կուսակցութեան ու Կանաչներուն հետ համախմբական կառավարութիւն կազմելն է:

Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մարթին Շուլց յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը այլեւս մաս պիտի չկազմէ համախմբական կառավարութեան եւ կը դառնայ ընդդիմութիւն:

Բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարները մտահոգութիւն յայտնեցին ծայրայեղ աջակողմեան Գերմանիոյ համար այլընտրանք կուսակցութեան խորհրդարանին մէջ յայտնուելու երեւոյթին նկատմամբ:

Հարցախոյզները ցոյց կու տային, որ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն դաշինքին ժողովրդականութիւնը 34-36 առ հարիւր է, իսկ Ընկերվար-ժողովրդավարականներունը` 21-22 առ հարիւր: Հարցախոյզները նաեւ ցոյց կու տային, որ ծայրայեղ աջակողմեան Գերմանիոյ համար այլընտրանք կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով մուտք պիտի գործէ Պունտըսթակ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր երէկ «Հիլտ ամ Սոննթակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց ընտրութեան մասնակցելու` գրելով. «Քուէարկութիւնը քաղաքացիական պարտականութիւն է: Գացէ՛ք եւ քուէարկեցէ՛ք»:

«Իւրաքանչիւր քուէ կարեւոր է, ձեր քուէն կարեւոր է», նշեց Շթայնմայեր` աւելցնելով. «Այն մարդիկը, որոնք չեն քուէարկեր, կ՛արտօնեն, որ ուրիշներ որոշեն մեր երկրին ապագան»:

Նախքան ընտրութիւնը կը նախատեսուէր, որ մասնակցութիւնը աւելի բարձր ըլլայ, քան 2013-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած 71,5 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.